2018-01-10 11:41:00

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ


Վիճաբանութեան Յաղթահարումը

Ամէնէն մտերմիկ անձերու միջեւ ալ վիճաբանութիւնը անխուսափելի է: Երբեմն վէճ կը ծագի շատ լուրջ նիւթերու շուրջ, իսկ երբեմն ալ շատ անիմաստ ու անարժէք խնդիրներու համար: Երբեմն այնպէս կը պատահի, որ երբ վիճաբանութիւն մը իր աւարտին հասնի, մարդիկ յանկարծ կ՛անդրադառնան, թէ ինչքան աւելորդ եղած է այդ նիւթին համար այդքան ժամանակ սպառելը…
Վիճաբանութեան ընթացքին լռելու խրատը շատեր կու տան իրարու, առանց սակայն, հարկ եղած պարագային, իրենք կարենալ լռելու: Ուրեմն, վարժութեան կարիք ունի մարդ, վիճաբանութեան պարագային լռել կարենալու համար:
Նման փորձառութիւն ձեռք բերելու համար, հոգեբաններ կը թելադրեն լռութեան փորձեր կատարել: Օրինակ, սովորական զրոյցներու ընթացքին քիչ խօսիլ, աւելի ունկնդրել, քան՝ արտայայտուիլ, սեփական կարծիքներ տալէ խուսափիլ եւ յարգել ուրիշներու տեսակէտները, գլխու դրական շարժումները օգտագործել, քան՝ լեզուով հաստատական պատասխաններ տալ, եւ այլն:
Ոմանք դժուարաւ կրնան փակել իրենց բերանը:

Գործի որոշ ասպարէզներ կան, որոնց համար խօսքէն աւելի շատախօսութիւնը անհրաժեշտ է: Օրինակ, կ՛ըսուի թէ սափրիչի մը տրուելիք մեծագոյն պատիժը, խօսիլը արգիլելն է անոր…

Քրիստոնէական կեանքին համար ալ լեզուի գործածութիւնը եւ օգտագործուած նախադասութիւնները կարեւոր են: Ամէն խօսք, ամէն արտայայտութիւն չի՛ վայելեր քրիստոնեայ մարդուն: Անոր բերանէն դուրս եկած խօսքերը պէտք է կշռադատուած ըլլան, չափաւոր եւ ամէն վիրաւորանքէ զերծ: Օրհնաբանող լեզու ունենալու է քրիստոնեայ մարդը իր Արարիչին եւ նմաններուն հանդէպ: Այլապէս իր բերանը կը դառնայ միաժամանակ քաղցր եւ դառն ջուր բխեցնող աղբիւր, որ գոյութիւն չի՛ կրնար ունենալ: Կա՛մ քաղցր, կա՛մ դառն ջուր կը բխեցնէ աղբիւր մը:
Ո՞վ պիտի յաղթէ:
Վիճաբանութեան պարագային մարդիկ միշտ ուշադիր կ՛ըլլան վերջին խօսքը իրե՛նք ըսելու: Կարծէք վերջին խօսքը ըսողը այս պարագային յաղթական կը հռչակուի… Վիճաբանութեան պարագային ամէն մարդ կը ջանայ ճշմարտութիւնը ճիշդ ատենին ըսել, առանց գիտնալու, թէ վիճաբանութեան ամէնէն տաք պահուն, իր գիտցած ճշմարտութիւնը նաեւ կրնայ սխալ ըմբռնուիլ: Ուրեմն, վիճաբանութեան փորձիչ պահուն լռելը ամէնէն ճիշդ գործը պիտի ըլլայ: Այս հարցին մէջ փորձառութիւնը իր կարեւոր դերը ունի: Ոմանք փորձառու ըլլալով՝ վիճաբանութեան մէջ յառաջապահի դեր կը կատարեն, իսկ ուրիշներ դարձեալ փորձառու ըլլալով՝ կը լռեն: Ահա նաեւ փորձառութիւններուն տարբերութիւնները, նայած թէ իւրաքանչիւրը ինչքա՞ն տուժած է իր կեանքի ընթացքին:
Կ՝ըսուի թէ իմաստուն այր մարդ մը, երբ վիճաբանութեան բռնուի կնոջ հետ, բան չի՛ խօսիր…Շատ դժուար է միտքը բաց պահել ու միաժամանակ բերանը փակելը:

Վիճաբանութեան յաղթահարումը իմաստուն լռութիւնն է: Սովորական լռութիւնը իմաստութեան նշան չէ՛: Երբեմն լուռ մնացողը յիմարի կամ խուլի տեղ կը դնեն մարդիկ: Իմաստուն լռութեան հոմանիշն է խոհեմութիւնը, որուն բարերար արդիւնքները կը վայելեն անոնք, որոնք գիտեն ճիշդ ժամանակին լռել գիտնալ:
Վէճերուն տեսակները՝ ծանր, թեթեւ, երկար, կարճ, բոլորն ալ վէճ են ու կը վիրաւորեն մարդկային սիրտը: Ուրեմն, յաղթահարելու համար այս փորձութիւնը՝ վիճաբանութիւնը, փորձեր կատարէ ամէնէն խճողուած ու խօսակիցներով լեցուն վայրի մը մէջ երբեմն լուռ մնալ, նախապատրաստելով դուն քեզ վիճաբանական պահերու, երբ դժուար պիտի ըլլայ լռելը:








All the contents on this site are copyrighted ©.