2018-01-09 15:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Չիլէ եւ Փերու կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան նախօրեակին։


(Ռատիօ Վատիկան) Յառաջիկայ 15 -22 յունուար 2018-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաքելական ճամբորդութիւն պիտի կատարէ՝ նախ Չիլէ ապա Փերու։

Վերոնշեալ ճամբորդութեան նախօրեակին, Նորին Սրբութիւնը, սովորութեան համաձայն, լսատեսողական պատգամ մը յղեց երկու երկիրներու հաւատացեալներուն որուն մէջ ըսաւ.

 

Չիլէի եւ Փերուի եղբայրներ եւ քոյրեր, այդ երկիրներու իմ ճամբորդութեան թուականին մօտիկութեան առթիւ,ձեզ կ՛ողջունեմ գորովով։ Ձեզի կու գամ որպէս Աւետարանի ուրախութեան ուխտաւոր, ձեր բոլորին հետ կիսելու համար Տիրոջ խաղաղութիւնը ու ձեզ վերահաստատելու նոյն յոյսին մէջ։ Խաղաղութիւն եւ յոյս բաժնեկցուած բոլորին միջեւ։

Կը փափաքիմ ձեզի հանդիպիլ, նայիլ ձեր աչքերուն, տեսնել ձեր դիմագիծերը ու կարենալ բոլորս միասին փորձարկել Աստուծոյ մօտիկութիւնը, Անոր քնքշութիւնն ու ողորմութիւն որ մեզ կ՛ողջագուրէ ու մեզ կը մխիթարէ։

Կը ճանչնամ ձեր երկիրներուն պատմութիւնները, հիւսուած յանձնառումով եւ նուիրումով։ Կ՛ուզեմ ձեզի հետ միասին գոհաբանութիւն մատուցել Աստուծոյ՝ Աստուծոյ վրայ հաւատքի ու սիրոյ համար, ինչպէս նաեւ կարիքաւոր եղբայրներուն նկատմամբ սիրոյն, յատկապէս անոնց որոնք մերժուած են հասարակութենէն։

Կ՛ուզեմ մասնակից դառնալ  ձեր ուրախութիւններուն, ձեր տխրութիւններուն, ձեր դժուարութիւններուն ու յոյսերուն ու ձեզի ըսել թէ մինակ չէք, Քահանայապետը ձեր հետն է. Համայն Եկեղեցին ձեզ կ՛ընկալէ ու Եկեղեցին ձեզի կը նայի։

Ձեր հետ կ՛ուզեմ փորձարկել Աստուծմէ եկած խաղաղութիւնը որ այնքան ալ կարեւոր է։ Միայն Ան է որ կարող է զայն մեզի պարգեւել։ Այդ մէկը Քրիստոսին նուէրն է՝ մեզի բոլորիս, որ մեր համակեցութեան եւ ընկերութեան հիմքն է։ Խաղաղութիւնը կը հիմնուի արդարութեան վրայ որ մեզի թոյլ կու տայ հանդիպելու հաղորդութեան եւ ներդաշնակութեան դէպքերու։ Անհրաժեշտ է յարատեւ Տիրոջմէ հայցել զայն ու Տէրը զայն մեզի կը պարգեւէ։ Յարուցեալին խաղաղութիւնն է որ ուրախութիւն կը բերէ ու մեզ կը քաջալերէ ըլլալու միսիոնարներ, վերակենդանացնելով հաւատքի պարգեւը որ մեզ կը մղէ հանդիպումին, դաւանուած եւ նուիրուած հաւատքի մը բաժնեկից հաղորդութեան։

Յարուցեալ Քրիստոսի հետ այս հանդիպումը մեզ կը վերահաստատէ յոյսին մէջ։ Չենք ուզեր կառչած մնալ այս աշխարհի իրականութիւններուն, մեր հայեացքը կը մղուի անդին, մեր աչքերը կը հանգչին  Անոր ողորմութեան մէջ որ կը դարմանէ մեր թշուառութիւնները։ Միայն Ան մեզի ուժ կու տայ վերականգնելու ու յառաջ ընթանալու։

Աստուծոյ այդ մօտիկութեան ձեռքով դպչիլը՝ մեզ կը դարձնէ կեանք ունեցող հասարակութիւն մը որ կարող է յուզուիլ մեր շուրջիններուն հետ ու բարեկամութեան եւ եղբայրութեան վճռական քայլեր կատարել։

Մենք եղբայրներ ենք՝ որոնք կ՛ընթանան ուրիշներուն հետ վերահաստատուելու համար միեւնոյն հաւատքի եւ յոյսի մէջ։

Ամերիկայի Մայր՝ Սուրբ Կայս Մարիամի ձեռքերուն մէջ կը դնեմ այս առաքելական ճամբորդութիւնս ու բոլոր դիտաւորութիւնները զոր կը կռենք մեր սրտերուն մէջ, որպէսզի Ան՝ որպէս բարի Մայր, ընկալէ զանոնք ու մեզի սորվեցնէ քալել դէպի իր Զաւակը։

Ցտեսութիւն. Բարեհաճեցէք չի մոռնալ աղօթել ինծի համար. Ցտեսութիւն։








All the contents on this site are copyrighted ©.