2018-01-09 09:21:00

Ֆրանչիսկոս Պապին 2018-ի յունուար, փետրուար ամիսներուն գլխաւորելիք արարողութիւնները


(Ռատիօ Վատիկան) Հրապարակուեցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին 2018 տարուան յունուար, փետրուար ամիսներու ընթացքին գլխաւորելիք արարողութիւններուն  յայտագիրը որուն հիման վրայ Հինգշաբթի, 25 յունուար 2018-ին, յետմիջօրէին՝  5,30-ին,   Սուրբ Պօղոսի դարձի տօնին առթիւ,  Ֆրանիսկոս Սրբազան Քահանայապետը,  Հռոմի Սուրբ Պօղոս անուան Քահանայապետական պազիլիքային մէջ կը նախագահէ ժամասացութեան արարողութեան, եզրափակելով 18 Յունուարին սկիզբ առած քրիստոնեաներու միութեան նուիրուած աղօթքի շաբաթը։

'Ապա՝ կիրակի, 28 յունուար 2018-ին,  Հռոմի Մարիա Մաճորէ տաճարին մէջ «Սալուս Փոփուլի» Տիրամօր Սրբապատկերի զետեղման տարեդարձին  առիթով, Ֆրանչիսկոս Պապ միեւնոյն տաճարին մէջ կը նախագահէ Սուրբ Պատարագի արարողութեան: Յայտնենք թէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը յատուկ ջերմեռանդութիւն ունի  այդ սրբապատկերի նկատմամբ եւ ամէն մէկ առաքելական ճամբորդութենէն առաջ ու ետք, այցելութիւն կու տայ Մարիա Մաճճորէ պազիլիքա, նախ Տիրամօր յանձելու ճամբդորութեան առաքելութիւնը ապա՝ վերադրձին շնորհակալութիւն յայտնելու Անոր ճամբորդութեան եւ առաքելութեան յաջողութեան համար։

  

Փետրուար ամսուան ընթացքի Ֆրանչսիսհոս Պապ  կը նախագահէ  հետեւեալ արարողութիւնները:

Ուրբաթ, 2 փետրուար 2018-ին, Տեառնընդառաջի տօնին  եւ անձինք նուիրեալներու  համաշխարհային  ԻԲ  օրուան  առիթով, Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ կը գլխաւորէ Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն անձինք նուիրեալներու հաստատութիւններու ու միաբանութիւններու անդամներ:

Ապա՝ չորեքշաբթի, 14 փետրուարին, օր մոխրոցով  սկիզբ կ՛առնէ քառասնորդացը։ Այս օրուան առիթով,  Ֆրանչիկսոս Պապ, աւանդութեան համաձայն, Հռոմի Սան Անսելմօ տաճարին մէջ,  կը գլխաւորէ   ապաշխարութեան Թափորը ապա ՝ ժամը 5,00-ին,  կը կատարէ  մոխիրի  օրհնութիւն:   

Ի վերջոյ , կիրակի  18 Փետրուար 2018-ին,  Քառասնորդաց առաջին  կիրակի օրը,  Սրբազան Քահանայապետը «Արիչչիա« գիւղին մէջ իր մասնակցութիւնը կը բերէ  Հռոմի Քուրիայի հոգեւոր կրութեան,  որ վերջ պիտի գտնէ  ուրբաթ՝ 23 փետրուար 2018-ին:   








All the contents on this site are copyrighted ©.