2018-01-09 12:28:00

Մանիլա քաղաքին ''Յիսուս Նազովրեցիի'' փայտէ արձանի աւանդական թափօրը։


(Ռատիօ Վատիկան) Աւելի քան 12 միլիոն հաւատացեալներ նախատեսուած են  Մանիլա քաղաքին մէջ 1606 թուականէն հաստատուած Յիսուս Նազովրեցի կոչուած հրաշագործ փայտէ արձանի թափօրին, որ տեղի կ՝ունենայ երեքշաբթի 9 յունուարի 2018-ին:

Վերոնշեալ աւանդական ուխտագնացութիւնը, Ֆիլիփինի մէջ  ամենէն կարեւոր տօնակատարութիւններէն մին է։ «Նազարէնօ Ներօ»Սեւ Նազովրեցի''  Յիսուսի արձանի հանդէպ ջերմեռանդական պաշտամունքը սկիզբ առած է 17-րդ դարուն՝Սպանական տիրապետութեան ժամանակաշրջանին։

Կը պատմուի, թէ Քրիստոսի հրաշագործ արձանը կղզի  հասած է 1607-ին, Մեքսիքոյէն ժամանած Սպանացի Ակոսթինեան միսիոնարի մը հետ։ Ըստ աւանդութեան, նաւու միջոցաւ ճամբորդութեան ժամանակ, յանկարծակի ուժգին հրդեհի մը պատճառաւ , փոխադրական  նաւակը ամբողջութեամբ կը հրկիզուի եւ կը  բռնկի, սակայն՝ անվնաս դուրս կը  յայտնաբերուի Յիսուսի արձանը, այրուած փայտի՝  սեւ գոյնով։

Այն օրէն ի վեր, Մանիլա քաղաքի բնակիչներն ու հաւատացեալները, հրկիզուած եւ փրկուած Յիսուսի հրաշագործ արձանը  պահպանած են մեծ երկիւղածութեամբ՝ անոր հանդէպ  յատուկ ջերմեռանդութիւն ցուցաբերելով։ Անոր համբաւը եւ հրաշագործ զօրութեան լուրը հասած է մինչեւ Սուրբ  Աթոռ , ուր՝1650-ին, Իննոչենցօ Ժ Քահանայապետի  օրով  հիմնուեցաւ « Նազարենօ» Սեւ Յիսուսի հրաշագործ արձանի անունը կրող եղբայրակցութիւնը։

19-րդ դարուն, Պիոս Է Քահանայապետ, առ աւելիով պատուելու եւ բարձր արժանիքներով պսակելու համար Յիսուսի արձանը, հրամանագիր մը հրապարակեց  լիակատար ներում շնորհեց  բոլոր անոնց,  որոնք խորին զղջումով աղօթք կը բարձրացնեն առ Աստուած՝ Յիսուսի ''Նազարենօ Ներօ'' արձանին առջեւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.