2018-01-08 13:13:00

Ֆրանչիսկոս Պապին ճառը Վատիկանի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագիտական մարմնի անդամներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի՝ 8 Յունուար 2018-ի առաւօտեան 10.30-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Առաքելական Պալատի «Ռեճա» դահլիճին մէջ, ունկնդրութիւն շնորհեց Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագիտական մարմնի անդամներուն, անոնց ուղղելով երկարաշունչ պատգամ մը, որուն սկիզբը նոր տարուայ առթիւ բարեմաղթութիւնները փոխանցելով, վստահեցուց նաեւ իր մօտիկութիւնն ու գորովը՝ անոնց ներկայացուցած ժողովուրդներուն։ 

Սրբազան Քահանայապետը ապա շնորհակալութիւն յայտնեց այն դեսպաններուն որոնք այս առթիւ Հռոմ ժամանած են այլ վայրերէ  ու նշեց Միանմարի եւ Հարաւային Ափրիկէի հետ հաստատուած դիւանագիտական նոր կապերը ինչպէս նաեւ ուզեց յատուկէն յիշել Քոլոմպիայի դեսպանը՝ որ իր մահկանացուն կնքեց Ծնունդէն մի քանի օրեր առաջ։

Մատնանշելով Սուրբ Աթոռի դիւանագիտական գործունէութեան ու վերջերս ստորագրուած մի քանի համաձայնութիւններուն, Ֆրանչիսկոս Պապ հաստատեց թէ Սուրբ Աթոռին նպատակակէտն է յառաջացնել մարդ անհատի հոգեւոր եւ նիւթական բարօրութիւնը ու խթանել հասարակաց բարիքը ու մատնանշեց անցեալ տարի կատարած առաքելական ճամբորդութիւններուն՝ Եգիպտոս, Փորթուկալ, Քոլոմպիա, Միանմար եւ Պանկլատէշ բացայայտելով այդ ճամբորդութիւններուն կարեւորութիւնը։ Ան ապա ակնարկեց այս տարի նշուելիք առաջին աշխարհամարտի աւարտին հարիւրերորդ տարեդարձին,դիտել տալով՝ թէ այդ հակամարտութիւնը վերագծագրեց Եւրոպայի ու համայն աշխարհի դիմագիծը եւ ընդգծեց թէ այդ «Մեծ Պատերազմի մոխիրներէն կարելի է քաղել երկու ազդանշաններ». առաջինը թէ յաղթել չի նշանակեր պարտուած հակառակորդը նուաստացնել, որովհետեւ  խաղաղութիւնը չի կառուցուիր որպէս պարտուողին վրայ յաղթողի իշխանութեան բանեցում,  այլ՝ եւ այս երկրորդ ազդանշանն է՝ խաղաղութիւնը կ՛ամրապնդուի երբ Ազգերը կարող են իրար միջեւ խորհրդակցիլ հաւասարութեան մթնոլորտի մէջ, այն ինչ որ հանդիսացաւ ԱՄՆ-ի երբեմնի Ուիլսոն նախագահի ներշնչումը, երբ առաջարկեց կազմել Ազգերու համընդհանուր ընկերակցութիւնը, որով հիմքը դրուեցաւ «բազմակողմանի դիւանագիտութեան»։

«Ազգերու միջեւ յարաբերութիւնները եւս պէտք է կարգուին ճշմարտութեան, արդարութեան ու գործօն զօրակցութեան ինչպէս նաեւ ազատութեան» հիման վրայ» հաստատեց ապա Սրբազան Քահանայապետը ընդգծելով այն սկզբունքը թէ բոլոր քաղաքական հասարակութիւնները արժանապատուութեամբ հաւասար են, ինչպէս նաեւ հաւասար է անոնց փոխադարձ իրաւունքներու ճանաչումը, համապատասխան պարտականութեան իրականացման հետ միասին։

«Այս վարուելակերպի հիմնական նախադրեալն է՝ իւրաքանչիւր մարդ անհատի արժանապատուութեան հաստատումը, որուն անտեսումն ու արհամարհանքը կը տանին դէպի բարբարոսական արարքներ, որոնք կը վիրաւորեն մարդկային խիղճը» ըսաւ Քահանայապետը ակնարկելով մարդու իրաւունքի համընդհանուր հռչակագիրին, որ ստորագրուած է 70 տարիներ առաջ՝ 10 դեկտեմբեր 1948-ին եւ որուն, ըսաւ Ան, «կ՛ուզեմ նուիրել մեր այսօրուայ հանդիպումը»    հաստատելով թէ Սուրբ Աթոռին համար, մարդու իրաւունքի մասին խօսիլը, փաստօրէն, կը նշանակէ նախ եւ առաջ դարձեալ առաջարկել մարդու արժանապատուութեան կեդրոնականութիւնը, որ ստեղծուած  է Աստուածմէ՝ Անոր նմանութեամբ ու պատկերին համաձայն։

Նոյնինքն Յիսուս Քրիստոս, բուժելով բորոտը, տեսողութիւն պարգեւելով կոյրին, զրուցելով մաքսաւորին հետ, ազատելով պոռնիկը ու հրաւիրելով խնամել վիրաւոր ճամբորդը ուզեց հասկցնել թէ ինչպէս ամէն մէկ մարդ արարած, անկախ  ֆիզիկական, հոգեւոր կամ ընկերային վիճակէն, արժանի է յարգանքի։

«Քրիստոնէական հեռանկարի համեմատ իմաստալից մէկ յարաբերութիւն մը կայ Աւետարանական պատգամին ու մարդկային իրաւունքներու ճանաչումին միջեւ» ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկելով այդ իրաւունքներու նպատակին որ  սահմանուած է մարդ անհատի համապարփակ զարգացումին ու նկատել տալով թէ տարիներու ընթացքին ի յայտ եկան նաեւ «նոր իրաւունքներ» որոնք յաճախ հակազդեցին մէկը միւսին, արգելք դառնալով ազգերու միջեւ բարեկամութեան մշակումին եւ որ այսօր կարող են վտանգ հանդիսանալ ու բանեցնել նոր «գաղափարական գաղութացում»։

Ֆրանչիսկոս Պապ դիտել տուաւ  ապա թէ  հիմնական շատ մը իրաւունքներ այսօր ոտնակոխուած են ու անոնցմէ առաջինը  մարդ անհատի անձեռնմխելիութեան, կեանքի ու ազատութեան իրաւունքն է, այս ծիրէն ներս ակնարկելով  նորածիններուն որոնք յաճախ մերժուած են չափահասներու եսասիրութեան պատճառաւ, տարեցներուն որոնք անտեսուած են, կիներուն որոնք զոհ են մարդավաճառութեան…ու այն անհատներուն որոնք կը փախչին պատերազմներէն ու աղքատութենէն…

«Կեանքի իրաւունքը պաշտպանելը կը նշանակէ նաեւ պաշտպանել անհատի ու անոր ընտանիքի առողջութեան իրաւունքը» յարեց ապա Սրբազան Պապը մաղթանք յայտնելով որ միջազգային ընտանիքը գործէ այդ ուղղութեամբ բոլորին երաշխաւորելու համար հաւասար խնամքի իրաւունք։

«Կեանքը պաշտպանելը ապա կը նշանակէ գործել ի նպաստ խաղաղութեան» ըսաւ Քահանայապետը կոչ ուղղելով կրկնապատկելու խաղաղութեան ի սպաս յանձնառումը ինչպէս նաեւ պայքարելու զինաթափումին համար, դիտել տալով թէ խաղաղութեան փնտռտուքը կը պահանջէ նաեւ պայքար անարդարութիւններու դէմ, ինչպէս նաեւ պայքար միջուկային զէնքերու սահմանափակումին, այս առընչութեամբ ակնարկելով միջուկային զէնքերու կասեցումի վերջերս որդեգրուած համաձայնագրին  ու այդ ուղղութեամբ Սուրբ Աթոռի որդեգրած դիրքին, թէ «ազգերու միջեւ հարցերը կարելի չէ լուծել զէնքի ուժով այլ բանակցութեան  ճանապարհով» յատուկ կերպով անդրադարձ կատարելով Քորէական թերակղզիի հարցին ու մաղթելով որ նոր ճանապարհներու որոնումով ապահովուի խաղաղ ապագայ մը, ըլլայ Քորէացիներուն, ըլլայ համայն աշխարհին համար։

Քահանայապետը նոյնպէս  ակնարկեց Սուրիոյ հակամարտութեան, յոյս յայտնելով որ այնքան կործանումներէ ետք հասած ըլլայ վերակառուցումի ժամանակը, ոչ միայն պալատներուն, այլեւ սրտերուն։ Ան ապա կարեւոր նկատեց  գաղթականներուն իրենց տուները վերադարձը, գնահատելով Յորդանանի, Լիբանանի եւ Թուրքիոյ յանձնառումը, այդ գաղթականներուն հիւրընկալութիւն ապահովեցուցած ըլլալուն համար ու կոչ ուղղեց միջազգային հասարակութեան, պատշաճ պայմաններ ստեղծելու, Սուրիայէն փախուստ տուող գաղթականներու տուն վերադարձին համար, սկսեալ Լիբանանէն, որպէսզի, ըսաւ Քահանայապետը, այդ սիրելի երկիրը շարունակէ ըլլալ «պատգամ» յարգանքի ու համակեցութեան, ինչպէս նաեւ օրինակ՝ շրջանի ու համայն աշխարհի այլ երկիրներուն համար։ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկեց նաեւ Իրաքին, Եմենին, Աֆղանիստանին, ինչպէս նաեւ յատուկէն նշեց Իսրայէլի եւ Պաղեստինի ժողովուրդները, յայտնելով Սուրբ Աթոռին ցաւը՝ վերջին օրերուն պատահած բախումներու պատճառաւ զոհուած անձերուն համար ու հրաւէր ուղղելով յարգելու Երուսաղէմի «status quo»ն որ է Սուրբ քաղաք՝ քրիստոնեաներուն, հրեաներուն ու մահմետականներուն համար, հաստատեց Սրբազան Քահանայապետը դիտել տալով թէ 70 տարուայ բախումները միշտ աւելի հրատապ կը դարձնեն գտնել քաղաքական լուծում մը, որ տարածաշրջանի մէջ երաշխաւորէ երկու անկախ պետութիւններու ներկայութիւնը, այս առընչութեամբ շեշտելով «երկխօսութեան» կարեւորութիւնը։

Ֆրանչիսկոս Պապ  խօսեցաւ նաեւ Վենեզուելլայի մէջ քաղաքական տագնապի մասին, յատկապէս շեշտը  դնելով բնակչութեան ապրած ողբերգութեան վրայ եւ յոյս յայտնելով որ այս տարուայ մէջ նախատեսուած քաղաքական ընտրութիւնները առիթ ըլլան լուծումներ գտնելու հակամարտութիւններուն ու կարելի ըլլայ՝  ապագային նայիլ անդորրութեամբ։

Ֆրանչիսկոս Պապ յիշեց նաեւ Ափրիկեան ցամաքամասի որոշ երկիրներու ապրած ողբերգութիւնը, դիտել տալով թէ բաւարար չէ վրդովիլ այդքան բռնութեան դիմաց,  ու թէ հարկաւոր է որ իւրաքանչիւր անձ, իր շրջանակէն ներս, աշխատի վերացնելու համար թշուառութեան պատճառները ու կառուցելու՝ եղբայրութեան կամուրջներ, որոնք հիմքն են մարդու իսկական զարգացումին։ Կամուրջներ կառուցել նաեւ Ուքրանիոյ մէջ ուր պատերազմի դաշտ հանդիսացող տարածքներու մէջ ապրող բազմաթիւ ընտանիքներ կը տառապին, դիտել տուաւ Քահանայապետը խօսքը կեդրոնացնելով «ընտանիքի» կառոյցին վրայ, որ է՝ ըսաւ Սրբազան Պապը, ընկերութեան բնական ու հիմնական բջիջը որ իրաւունք ունի պաշտպանութեան,  ընկերութեան ու Պետութեան կողմէ, ինչպէս նշուած է 1948-ի հռչակագիրին մէջ։

Այս ուղղութեամբ Սրբազան Պապը նշեց թէ ինչպէս  ընտանեկան կառոյցը վտանգուած է, ու թէ ժայռի վրայ կառուցուած ծրագիրներու տեղ, այսօր կը նախընտրուին աւազի վրայ կառուցել որոշ կապեր, ու հաստատեց թէ «ժայռը այն անխախտելի ու հաւատարիմ սիրոյ հաղորդութիւնն է՝ որ մարդը կը միացնէ կնոջ», այս ուղղութեամբ հրատապ նկատելով ընտանիքի ի նպաստ քաղաքականութիւններու որդեգրումը, «որմէ կախեալ է նաեւ պետութիւններու ապագան» դիտել տուաւ Ֆրանչիսկոս  Պապ մատնանշելով ծնունդներու պակասին, ինչպէս նաեւ աղքատութեան, պատերազմներու ու գաղութականութեան պատճառաւ բաժնուած ընտանիքներուն, ու այդ ընտանիքներու ամենափոքր անդամներուն՝ մանուկներու ողբերգութեան։

 

Քահանայապետը խօսեցաւ ապա գաղթականութեան հարցի մասին անգամ մը եւս հրաւիրելով նախ եւ առաջ գաղթականը նկատել որպէս անձ եւ ոչ թէ վախ ու թշնամութիւն յառաջացնող իրականութիւն, այս առընչութեամբ մատնանշելով  նաեւ խաղաղութեան համաշխարհային օրուան առթիւ հրապարակած իր պատգամին որուն այս տարուայ բնաբանն է «գաղթականներ եւ փախստականներ. խաղաղութիւն որոնող մարդիկ եւ կիներ»։

Ուրիշը ընկալելը, ըսաւ Քահանայապետը, կը պահանջէ շօշափելի յանձնառում, ինչպէս նաեւ հսկող ու հասկացող ուշադրութիւն, ապա հարցերու իմաստուն ու պատասխանատու մատակարարում, յատկապէս կառավարիչներու կողմէ, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր այն երկիրներուն որոնք  գաղթականներ ընկալեցին որոնց շարքին Պանկլատէշը, Իտալիան, Յունաստանը ու Գերմանիան, յոյս յայտնելով որ «հարցերը որոնք յատկանշեցին այս վերջին տարիները, չի մղեն դէպի փակում, այլ՝ հանդիսանան աւանդութիւններու ու արմատներու նորոգուած յայտնաբերում»։

Հաստատելով թէ գաղթականները եւրոպական ցամաքամասը կ՛ընտրեն այն վստահութեամբ թէ այնտեղ պիտի գտնեն խաղաղութիւն եւ ապահովութիւն, եւրոպական ցամաքամասը հրաւիրեց վերագտնելու իր մշակութային եւ հոգեւոր ժառանգութիւնը, ինչպէս նաեւ հինաւուրց արժէքները, որոնց վրայ կերտուած է,  որպէսզի շարունակէ ըլլալ հիւրընկալող, խաղաղութեան ու զարգացումի վայր մը - ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը որ շարունակելով խօսիլ գաղթականութեան մասին, յոյս յայտնեց որ միջազգային գետնի վրայ չպակսին միջոցները, ամէն մէկ մարդու ու կնոջ ապահովեցնելու՝ մարդ արարածի արժանավայել կեանք մը, վերարծարծելով Խաղաղութեան համաշխարհային օրուան պատգամի մէջ թելադրած չորս «անկիւնաքարերը», «ընկալել. պաշտպանել. զարգացնել եւ ներառել» ու խօսքը կեդրոնացնելով այս վերջինին՝ ներառումի վրայ,  հաստատելով թէ այդ մէկը երկկողմանի գործընթացք մըն է ՝ փոխադրած իրաւունքի ու պարտականութեամբ։

«Այն որ կը հիւրընկալէ կոչուած է խթանելու մարդկային համապարփակ զարգացումը մինչ հիւրընկալուողէն կը պահանջուի համակերպիլ զինք ընկալող երկրի օրէնքներուն ինչպէս նաեւ յարգել  այդ երկրի ինքնութեան սկզբունքները» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը  դիտել տալով թէ Սուրբ Աթոռը պարտականութիւնն ունի վերարծարծելու մարդկութեան ու եղբայրութեան սկզբունքները, որոնք հիմքն են ամէն մէկ ներդաշնակ ու միացած ընկերութեան մը, այս հեռանկարով կարեւոր նկատելով նաեւ կրօնական հասարակութիւններուն հետ համագործակցութիւնը։

Սրբազան Քահանայապետը ապա շեշտը դրաւ «մտքի, խղճի ու կրօնի  ազատութեան» հարցին վրայ, նկատել տալով թէ շատ անգամ այդ իրաւունքը չէ յարգուած ու թէ յաճախ անհատները ենթարկուած են հալածանքներուն, հուսկ հաստատեց թէ՝ ներառող ընկերութեան մը կառուցումը կախեալ է նաեւ ամէն մէկ մարդ անհատի ինքնութեան ճանաչումէն, ու մատնանշեց աշխատանքի իրաւունքին ու անոր կարեւորութեան, հաստատելով թէ «չկայ խաղաղութիւն ու զարգացում եթէ մարդը զրկուած ըլլայ  հասարակութեան բարիքի կերտումին իր նպաստ  իր անձնական աշխատանքով ՝սատարը նուիրելու կարելիութենէն », ու դիտել տուաւ թէ ինչպէս աշխարհի զանազան երկիրներուն մէջ կայ  «աշխատանքի»  պակաս, յատկապէս երիտասարդներուն համար, քննադատելով ի գին շահոյթի՝ մարդու արժանապատուութիւնը ոտնակոխող մշակոյթը,   ինչպէս նաեւ մանուկ աշխատաւորներու շահագործումը, կոչ ուղղելով պայքարելու այդ շահագործումներուն դէմ, ծրագրելու համար աւելի լաւ ապագայ  ու ներառող ընկերութիւն մը։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ճառին աւարտին մատնանշեց անհատի՝ ընկերութեան հանդէպ պարտականութեան ու կարեւոր պարտականութիւններէն մին նկատեց հասարակաց տան խնամքը՝ բնապահպանութիւնը, ակնարկելով վերջին տարիներուն տեղի ունեցող բնական աղէտներուն ու կլիմայական փոփոխութիւններու ծիրէն ներս, մարդուն պատասխանատուութեան, այս առընչութեամբ կարեւոր նկատելով  անհատներու ու պետութիւններու միասնական յանձնառումը, ու այդ մէկը նմանեցնելով անցեալի «հսկայական տաճարներու» շինարարներուն, որոնք՝ թէեւ գիտէին թէ պիտի չի կարենային տեսնել իրենց աշխատանքին վերջնական պտուղը, չէին թերանար իրենց սատարը տալէ ծրագրին, այն ապահովութեամբ թէ ան պիտի ծառայեր իրենց զաւակներուն։

«Ամէն մէկ մարդ ու կին կանչուած է մշակելու այդ նոյն ծառայութեան ու միջ-սերունդային զօրակցութեան  հոգին, ու ըլլալ յոյսի նշան՝ մեր տանջուող աշխարհին համար» ըսաւ հուսկ Սրբազան Պապը ու երկարաշունչ ճառը աւարտեց բոլոր ներկաներուն, անոնց ընտանիքներուն ու հայրենակիցներուն մաղթելով՝ շնորհաւոր նոր տարի, հարուստ ուրախութեամբ, յոյսով եւ խաղաղութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.