2018-01-06 11:45:00

Ֆրանչիսկոս Պապին քարոզը Աստուածայայտնութեան տօնին մատուցած պատարագի ընթացքին։


(Ռատիօ Վատիկան) «Մոգերու երեք արարքներ՝ ուղեցոյց կը դառնան մեր Տիրոջ հետ հանդիպումին, որ այսօր կը յայտնուի որպէս լոյս եւ փրկութիւն, համայն մարդկութեան համար»։ Այս խօսքերով է որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը սկիզբ տուաւ Աստուածայայտնութեան տօնին առթիւ, 6 յունուար 2018-ին, Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին, մատնանշելով այդ երեք արարքներուն. «Տեսան աստղը, քալեցին ու նուէրներ ընծայեցին»։ 

Աստղը տեսնելը մեկնակէտն է, ըսաւ Քահանայապետը, դիտել տալով թէ աստղը տեսնելու համար հարկաւոր է մեր հայեացքը վեր բարձրացնել ու կեանքին մէջ չի բաւարարուիլ միայն գետին նայելով. առողջութեան, դրամին, զուարճութեան։

Հարց կու տամ, ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը. Մենք տակաւին կարո՞ղ ենք մեր աչքերը երկինք բարձրացնելու։ Գիտե՞նք երազել, Աստուած բաղձալ ու Անորմէ սպասել նորութիւնը։ Մոգերը  չի բաւարարուեցան, անոնք հասկցան թէ իսկապէս ապրելու համար պէտք է դիմել բարձր իտէալի ու անոր համար իրենց հայեացքը վեր պահեցին։ Թէեւ՝ նկատել տուաւ Սրբազան Պապը, մոգերէն անդին ուրիշներ եւս վեր նայեցան սակայն աստղը չի տեսան, ու բացատրեց թէ Յիսուսին աստղը չի կուրացներ, շփոթութեան չի մատներ, այլ նուրբ հրաւէր մըն է, եւ զգուշացուց հետեւելէ փայլուն աստղերուն, որոնք թէեւ զօրեղ զգացումներ կը հրահրեն սակայն մեր ճանապարհը չեն կողմնորոշեր։ Այս է պարագան, ըսաւ Սրբազան Պապը, յաջողութեան, դրամին, պատիւին, ու որպէս գոյութեան նպատակ ընտրուած հաճոյքին։ Այս ամէնքը կը նմանին ժամանակաւոր աստղերու, որոնք քիչ մը կը փայլին եւ ապա կ՛անհետանան,  մինչ «Տիրոջ աստղը միշտ ներկայ է ու մեզի կ՛ընկերանայ, մեզի ապահովեցնելով խաղաղութիւն ու մեծ ուրախութիւն» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, մատնանշելով թէ այս մէկը  մեզմէ կը պահանջէ որ քալենք ու յառաջ ընթանանք, որ է նաեւ Մոգերու երկրորդ արարքը, որովհետեւ այնպէս է որ կարելի գտնել Յիսուսը, ազատելով մեզ կաշկանդող ու մեր ընթացքին արգելք հանդիսացող բոլոր խոչընդոտներէն։

Յիսուս արդարեւ կ՛առաջարկէ թողուլ մեր հանգստաւէտ բազկաթոռները ու հետեւիլ Իրեն։ Յիսուսը փնտռելու համար պէտք է վախ չունենանք ու պէտք չէ բաւարարուինք քիչով, այլ պէտք է  վտանգը դիմագրաւել, հանդիպելու համար Մանուկին, որուն մէջ պարփակուած է քնքշութիւնն ու սէրը եւ ուր մենք կարող ենք վերագտնել մենք զմեզ։

Դէպի յառաջ ընթանալ ու քալելը դիւրին չէ. Նորութիւնը միշտ վախ ու վրդովում կը յառաջացնէ, ըսաւ ապա Սրբազան Պապը, դիտել տալով թէ  «Քահանաներն ու դպիրները լաւապէս կը ճանչնային մարգարէութիւնը. Գիտէին թէ ո՞ւր պիտի ծներ Մանուկը, սակայն ոչ մէկ քայլ կ՛ընեն դէպի բեթղեհէմ ու կը մնան անշարժ, նման այն հաւատացեալներուն որոնք իրենց կեանքը չեն վտանգեր Տիրոջ համար։

Սրբազան Քահանայապետը ապա անդրադարձաւ մոգերու երրորդ արաքին՝ Նուէրներու ընծայումին։

Մոգերը, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, երկար ճանապարհորդութենէ ետք, Յիսուսին նուէրներ կ՛ընծայեն այնպէս ինչպէս Ինք մեզի ընծայեց կեանքը։ Աւետարանը արդարեւ կ՛իրականանայ երբ կեանքի ճանապարհորդութիւնը կը հասնի նուիրումին։ Պարգեւել ձրիութեամբ՝ Տիրոջ համար, առանց ոչ մի բան ակնկալելու անոր փոխարէն «Ձրի ընդունեցաք՝ ձրիութեամբ պարգեւեցէք» կ՛ըսէ Աւետարանը։

Աստուած որ փոքրիկ դարձաւ մեզի համար մեզմէ կը պահանջէ մեր կարգին բան մը նուիրել իր փոքրիկ եղբայրներուն, կարիքաւորներուն, անօթիներուն, պանդուխտներուն, աղքատներուն ու բանտարկեալներուն, հիւանդին, ապա ներել անոնց որոնք մեզ  վիրաւորեցին։ Պարգեւներ՝ որոնք կարող չեն պակսիլ քրիստոնէական կեանքէն, յարեց ապա Ֆրանչիսկոս Պապ ու քարոզը աւարտեց հրաւիրելով նայիլ մեր ձեռքերուն՝ ուր պակաս է սէրը, ապա պահ մը մտածել ձրի մէկ պարգեւի մը՝ որ կարող ենք այսօր նուիրել եւ որ հաճելի պիտի ըլլայ Տիրոջ, հուսկ հայցենք. «Տէր թոյլ տուր որ վերագտնեմ նուիրումի ուրախութիւնը»։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.