2018-01-04 13:37:00

Ֆրանչիկսկոս Պապին ցաւակցագիրը Փերուի մէջ փոխադրակառքի արկածին ի լուր։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի 4 յունուար 2018-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Կարդինալ Փարոլինի ստորագրութիւնը կրող ցաւակցական հեռագիր մը յղեց՝  Փերուի մէջ անցեալ երեքշաբթի օր պատահած  փոխադրակառքի մը արկածին ի լուր,  որուն պատճառաւ զոհուեցան 48 անձինք։

Նորին Սրբութիւնը իր ցաւը յայտնեց պատահածին համար, ապա իր ցաւակցութիւններն ու մխիթարական զգացումները ուզեց արտայայտել զոհերու ընտանիքներուն ինչպէս նաեւ իր մօտիկութիւնը բոլոր վիրաւորներուն։

Քահանայապետը ապա Տիրոջմէ հայցեց որ իր հոգեկան անդորրութեան շնորհքները ու քրիստոնէական յոյսը զեղու բոլորին վրայ, ապա շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնը։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.