2018-01-04 09:43:00

Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը կոչ ուղղեց Լիբանանը հեռու պահելու շրջանային բախումներէն


Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան Միջին Արեւելքն ու Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները:

Խորհուրդի նիստէն հրապարակուած հաղորդագրութեան համաձայն, մարոնի եպիսկոպոսները մաղթեցին, որ Լիբանան կարողութիւն ունենայ դիմագրաւելու իր տագնապը եւ յաղթահարելու դժուարութիւնները, այնքան ատեն որ Լիբանանի մէջ եւ լիբանանցիներուն մօտ ազգային միասնականութեան կամք գոյութիւն ունի, ինչպէս նաեւ պատգամ երկիր ըլլալու ճշմարտութեան նկատմամբ կայ համոզում:

Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը կոչ ուղղեց Լիբանանը հեռու պահելու շրջանային եւ միջազգային առանցքներու բախումներէն, ինչպէս նաեւ պահպանելու երկրին ապահովական եւ ընկերային կայունութիւնը:

Խորհուրդը մերժեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի` Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք նկատող որոշումը: «Մեզի համար Երուսաղէմը խաղաղութեան քաղաքն է, որ իր կրօնական իւրայատկութեամբ կը պատկանի միաստուածեան երեք կրօններուն», նշուեցաւ խորհուրդին կողմէ:

Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը կոչ ուղղեց նաեւ բարեփոխելու տիրող տնտեսական իրավիճակն ու ելեւմտական կացութիւնը, ինչպէս նաեւ գործադրելու բարգաւաճման ծրագիրներ` լիբանանցիներուն ելեկտրականութիւն ու ջուր մատակարարելու եւ աղբի տագնապին արմատական լուծում գտնելու համար:

Խորհուրդը կոչ ուղղեց լիբանանեան պետութեան տարբեր միջոցներ որդեգրելու`  ուսուցիչներուն աշխատավարձի յաւելումները վճարելու համար:

Նշենք, որ Ռայի պատրիարքին հրաւէրով Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի նիստին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Պետական ամավարկի եւ ելեւմտական հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան, որ նիստէն ետք յայտնեց, թէ այդ ժողովին իր ներկայութիւնը եղած է մասնակի` քննարկելու համար ելեւմտական եւ տնտեսական թղթածրարները:

Ան նշեց նաեւ, որ հիմնականին մէջ քննարկուած են ուսուցիչներու աշխատավարձի յաւելումները եւ այդ պարտաւորութիւնները կատարելու միջոցները:

Քանաան յայտնեց, որ խորհուրդի նիստին ընթացքին քննարկուած են նաեւ միութիւններու, կազմակերպութիւններու, պետական ամավարկի եւ տուրքեր պարտադրելու վերաբերող հարցեր:








All the contents on this site are copyrighted ©.