2017-12-31 12:56:00

Ֆրանչիսկոս Պապին 31 դեկտեմբերի կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 31 դեկտեմբեր 2017-ի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Պապ իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, որ հանդիսացաւ 2017 տարուայ վերջինը։

Այս առթիւ Սրբազան Քահանայապետը ներկայացուց խորհրդածութիւն մը որուն մէջ ակնարկեց օրուան ծիսական տօնակատարութեան՝ «Նազարէթի Սուրբ Ընտանիքի» տօնին։

«Մարիամ Յովսէփն ու Յիսուսը միասին կ՛աճէին որպէս ընտանիք, փոխադարձ սիրոյ մէջ ու Աստուծոյ վրայ վստահութեամբ» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ու մատնանշեց Յիսուսի Տաճար ընծայումի դէպքին հաստատելով թէ այդ արարքով Մարիամ եւ Յովսէփ ուզեցին վերահաստատել թէ իրենց զաւակը կը պատկանի Աստուծոյ եւ թէ իրենք անոր կեանքին պահապաններն են եւ ոչ թէ սեփականատէրերը։

Բոլոր ծնողները, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, իրենց զաւակներուն կեանքի պահապաններ են, ոչ թէ սեփականատէրերը, աւելցնելով թէ անոնց պարտականութիւնն է աճեցնել ու հասուն դարձնել զաւակները։

՝Այս մէկը կ՛ընդգծէ թէ Միայն Աստուած Տէրն է պատմութեան եւ ընտանիքները պէտք են բացուիլ Աստուծոյ որ է կեանքի ակնաղբիւրը» յարեց Նորին Սրբութիւնը բացայայտելով թէ Յիսուս եկաւ վերացնելու հակազդելու աշխարհային ապահովութիւններուն մեզ յարուցելով նոր մարդկային ու իսկական քրիստոնէական ճանապարհի մը, հիմնուած Աւետարանի արժէքներուն վրայ։ Չկայ ընտանեկան իրողութիւն մը որ կարող չէ վերակենդանանալ ու ամէն անգամ որ ընտանիք մը, նոյնիսկ եթէ վիրաւոր է, ու յատկանշուած է դժուարութիւններով ու ձախողութիւններով, վերադառնայ  քրիստոնէական փորձառութեան, անոր առջեւ կը բացուին նոր ճանապարհներ եւ նոր կարելիութիւններ - ըսաւ հուսկ  Սրբազան Քահանայապետը որ խորհրդածութեան աւարտին դարձեալ ակնարկելով Սուրբ Ընտանիքին  հաստատեց թէ ամէն մէկ ընտանիք կանչուած է այն առաքելութեան որ ապրեցան  Մարիամն ու Յովսէփը, որոնք ուրախ էին տեսնելով իրենց զաւակը որ կը մեծնայ. Ընտանիքը պէտք է ստեղծէ պատշաճ պայմաններ իր զաւակներուն լիակատար ու ներդաշնակ աճումին համար, որպէսզի անոնք ապրին բարի եւ Աստուծոյ հաճելի կեանք մը, որ ըլլայ նաեւ կառուցողական աշխարհի համար - ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով խորհրդածութիւնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.