2017-12-31 13:30:00

Ֆրանչիսկոս Պապին 31 դեկտեմբերի թուիթը «Ընտանիքը միութեան ներդաշնակութիւն է»


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 31 դեկտեմբեր 2017-ին, Նազարէթի Սուրբ Ընտանիքի տօնին առթիւ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրապարակեց 2017 տարուայ վերջին թուիթը որուն մէջ շեշտը դրաւ ընտանեկան կառոյցի կարեւորութեան վրայ ու յատկապէս անոր ներքոյ՝ այր մարդու ու կնոջ տարբերութիւններու միջեւ ստեղծուած ներդաշնակութեան վրայ, ընդգծելով ապա ընտանիքի կարողութիւնը՝ բացուելու կեանքին եւ ուրիշներուն։

«Ընտանիքը ներդաշնակ միութիւնն է այր մարդու ու կնոջ միջեւ տարբերութեան, որ աւելի իսկական է այնքանով որ ան կարող է բացուիլ կեանքին եւ ուրիշներուն» գրեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը։








All the contents on this site are copyrighted ©.