2017-12-31 07:00:00

Կիրակի 31 Դեկտեմբեր 2017 7-րդ կիրակի Յիսնակաց Ղուկ. ԺԹ, 11-28


Ի՞նչպէս շահագործեցիք ձեզի տուած դրամս (Ղուկաս 19, 11-28)

Աշխարհի վերջը` մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսը հաշիւ պիտի պահանջէ մեզմէ ամէն մէկէն, ինչպէս այս Տէրը իր ծառաներէն։ Այն բոլոր ձիրքերն ու տաղանդները որ քեզի յանձնած էի ինչ բանի էամար օգտագործեցիր։

Իսկ ի՞նչ են այդ տաղանդները զոր Աստուած պարգեւած է մեզի։

Առաջինը` մեր կեանքն է։ Մինչ աշխարհի վրայ շատ մը երեխաներ մեռած կը ծնին մենք բախտը ունեցանք առողջ եւ ամբողջ աշխարհ գալու, լաւ ընտանիքի մը մէջ ապրելու եւ ստանալու բարձր եւ որակաւոր դաստիարակութիւն մը որով նախանձելի դիրքի մէջ կը գտնուինք, պարզապէս Աստուծոյ շնորհքին հովանաւորութեան տակ գտնուելով։ Արդեօք մենք ալ, մեր կարգին, օգտակար դարձա՞նք ուրիշներու, որոնք մեզի չափ օժտուած չէին եւ կարգ մը առաւելութիւններ կը պակսէին իրենց։

 Երկրորդը` մեր խելքն է։ շատ դիւրաւ կրնանք օգտագործել մեզի տրուած իմացականութեան այս մեծ շնորհքը մեր անձնական շահերուն համար, մենք մեզ բարձր պահելու համար ուրիշներէն եւ սանձարձակ կերպով մեր անձը հարստացնելու եւ յառաջ տանելու առանց մտահոգուելու ուրիշնրով եւ արհամարհելով զանոնք։

Ուստի նման այդ երրորդ ծառային, կրնանք ամէն ինչ վերապահել միայն մենք մեզի. Անձն իմ, անբաւ հարստութեան տէր ես, ունիս խելք եւ առողջ կեանք, պէտք չունիս ուրիշներուն, դուն քեզ ապահովէ եւ մոռցիր շուրջիններդ, կեր, խմէ եւ զուարճացիր որքան կրնաս։

Տէրը մեզ խստօրէն պիտի յանդիմանէ այս ընթացքին համար եւ պիտի դատապարտէ մեզ, որովհետեւ մեր տաղանդները չօգտագործեցինք ուրիշներուն բարիք ընելու համար, մեր ունեցածները չկիսեցինք ուրիշներու եւ մանաւանդ կարօտեալներու հետ, այլ` անձնասիրութեամբ, զանոնք պահեցինք մենք մեզի համար։

Ահա կը սկսինք նոր տարին եւ հին տարուան վերջին օրը կ՛ապրինք։ Ժամանակն է մտածելու եւ շատ լրջօրէն խորհրդածելու մեր անցած տարուան կեանքին վրայ, լաւ ուսումնասիրելով թէ ինչ բանի մէջ թերացած ենք, ինչ կը պակսի մեզի որ հասնինք կատարելութեան։

Ժամանակն է նաեւ որ առաջադրանքներ առնենք եկող տարուայ ընթացքին, որպէսզի գէթ արժանի ըլլանք պահելու եւ պահպանելու մեզի տրուած աւանդը եւ որոշ չափով` արժանիք մը ստանալու Տիրոջ աչքին։

Նախ հարկ է որ յառաջանանաք եղբայրսիրութեան մարզէն ներս. Եթէ այս կէտին մէջ յաջողութիւն արձանագրենք, արդէն մեծաքայլ յառաջ ընթացած կ՜ըլլանք հոգեւոր մարզէն ներս։

 Երկրորդ` նկատի առնելու ենք թէ ամէն մարդ եկած է աշխարհ որոշ ծրագրի մը իրագործման համար։ Գիտնալ թէ ինչ է Աստուծոյ ծրագիրը մեզի համար եւ ըստ այնմ ապրիլ մեր կեանքը, Աստուծոյ կամքին համընթաց։ ահա շատ կարեւոր քայլ մը որ Տիրոջ ուրախութիւն պիտի պատճառէ եւ մեզի դառնալով` պիտի ըսէ. Ապրիս հաւատարիմ ծառաս, եկուր հետս թագաւորէ եւ կարեւոր որոշումներ առ քու եւ ուրիշներու կեանքին մասին։

Ի վերջոյ, մեր խելքը մեզ կը դասէ անասուններէն վեր. Ուստի եւ մեր կեանքը չի կրնար վերածուիլ միայն ուտելու, խմելու եւ զուարճանալու մէջ։ Մենք աւելի բարձր եւ աստուածամերձ նպատակներ կը հետապնդենք։ Ամէն։

Հայր Յովսէփ Քէլէկեան








All the contents on this site are copyrighted ©.