2017-12-31 10:27:00

«Պատերազմի հետեւանքը». Ֆրանչիսկոս Պապին ընտրած նկարը։


(Ռատիօ Վատիկան) Նակազաքի՝ 1945 թուական։ Պատանի մը իր ուսերուն վրայ շալկած է՝ ադոմական ռումբի պատճառաւ մեռած փոքրիկ եղբայրը, շարքի մէջ կը սպասէ իր կարգը՝ դիակիզելու համար իր մահացած փոքրիկ հարազատը։ Պատկերը գործն է Ամերիկացի նկարիչ Ժոզէֆ Ռոժէր Օ Տոննէլի։ Պատկեր մը որ 60 տարիներ ետք տակաւին կը ցնցէ մարդկային խիղճը եւ որ դպաւ նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապին սրտին, որ ուզեց զայն հրապարակել  անոր տակ արձանագրուած գրութեամբ մը «…պատերազմի հետեւանքը» եւ իր ինքնագիր ստորագրութեամբ ու նկարի մասին հակիրճ տեղեկութեամբ ուր կը մատնանշուի պատանիի տառապանքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.