2017-12-30 09:34:00

Յետադարձ ակնարկ մը Ֆրանչիսկոս Պապին վերջին տասներկու ամիսներու գործունէութեան գլխաւոր հանգրուաններուն


Բոլորին  ծանօթ է Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի անխոնջ գործունէութիւնը ի սպաս Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ, ժողովուրդին եւ ամբողջ աշխարհ յուզող խնդիրներու լուծման ի նպաստ անոր կոչերը։

Այս տարւոյն աւարտին յետադարձ ակնարկ մը կը նետենք Սրբազան Հօր վերջին տասներկու ամիսներու գործունէութեան գլխաւոր հանգրուաններուն, առանց խորանալու անոնց մէջ։

Արդէն տարւոյն սկիզբը, յունուարի 9-ին, Սրբազան Հայրը շնորհաւորանքի խօսք ուղղեց դիւանագիտական մարմնին, շեշտելով «Ո´չ»ը Աստուծոյ անունը չարաշահող ահաբեկչութեան մարդասպան մոլուցքին հանդէպ։ Ապա, յունուարի 18-ին, միութենական շաբաթին հանդիպող ունկնդրութեան առիթով, անդրադառնալով լուտերականութեան հինգերորդ դարադարձին, Ֆրանչիսկոս Պապ յորդորեց,  որ նկատի ունենանք այն բաները, որ մեզ կը միացնեն եւ ո´չ անոնք, որոնք մեզ կը բաժանեն, եւ քալել միասնաբար՝ խորացնելու մեր հաղորդակցութիւնը եւ տալ անոր միշտ աւելի տեսանելի ձեւ։

Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ միութենականութեան խնդրին եւ աստուածաբանական երկխօսութեան անհրաժեշտութեան, երբ փետրուարի 26-ին, այցելեց Հռոմի Անկլիքան եկեղեցին։ Ան յորդորեց փնտռել այն բոլոր բաները, որոնց շուրջ Եկեղեցիներու միջեւ համաձայնութիւն կը տիրէ։

3 Մարտ-ին, Սրբազան Քահանայապետը հանդիպում ունեցաւ Եւրոպայի քաղաքական ղեկավարներուն հետ՝ եւրոպական համաձայնութիւններու հաստատման 68-րդ տարեդարձին առիթով։ Սրբազան Հայրը շեշտեց որ ներդրում կատարուի կեանքի, ընտանիքի եւ երիտասարդներու ի նպաստ՝ ապագայի Եւրոպային յոյս սլացք տալու եւ յոյս ներշնչելու համար։

«Հաւատացեալներուն թոյլատրուած միակ ծայրայեղութիւնը, այդ սէրն է»։ Ֆրանչիսկոս Պապ, ապրիլի 28-էն մինչեւ 29-ը,  Եգիպտոս կատարած այցելութեան առիթով, արտասանեց այս խօսքերը, շեշտելու համար, թէ որքան ահարկու բան է կրօնական ծայրայեղութիւնը, մինչ սէրը սահման չունի։

2017 թուականին կը բոլորի Ֆաթիմայի Աստուածածնի երեւումներուն հարիւրամեակը։ Յիշատակելու համար այս յոբելեանը, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը մայիսի 12-էն մինչեւ 13 այցելեց Ֆաթիմայի ուխտավայրը։ Ան յիշեցուց հաւատացեալներուն, թէ երկնքի մէջ մայր մը ունինք. «ասոր համար չէի կրնար չգալ, պատուելու Մայրը, եւ անոր վստահիլ իր զաւակները։ Անոր վերարկուի հովանիին տակ զաւակները պիտի չկորսուին. Անոր բազուկներէն պիտի գայ յոյս եւ խաղաղութիւն։» Սրբազան Հայրը մասնաւորապէս աղօթեց հիւանդներու, անկարներու, բանտարկեալներու, գործազուրկներու, աղքատներու եւ լքուածներու համար։

Ֆրանչիսկոս Պապի կարեւոր այցելութիւններէն մին էր  10 յունիսին, Իտալիոյ նախագահին հետ ունեցած հանդիպումը։ Ան հինգերորդ քահանայապետն է, որ այսպիսի այց մը կը կատարէ։ Այս առիթով Սրբազան Հայրը շեշտեց ոյժերու եւ նախաձեռնութիւններու համադրումին վրայ։

28 յունիսին, Սրբազան Պապը կատարեց հինգ նոր Կարդինալներու անուանումի արարողութիւնը։ Անոնք կու գային Մալիյէն, Լաոսէն եւ Շվետէն։ Այս արարողութեան առիթով, Սրբազան Հայրը հրաւիրեց ակնարկը ուղղել «Խաչի իրականութեան», որ այս աշխարհի մէջ կ'իրականանայ «պատերազմի եւ ահաբեկչութեան պատճառով անմեղներու տառապանքով եւ մահով, մարդոց ստրկացումով՝ ուր կ'անտեսուի մարդկային արժանապատուութիւնը, ինչպէս նաեւ վատնումի մշակոյթով։»

Ֆրանչիսկոս Պապի կատարած միջազգային այցելութիւններու շարքին, Քոլոմպիայի տուած այցելութիւնը ունէր յատուկ նշանակութիւն՝ իբր կոչ հաշտութեան, որուն նպատակը պիտի ըլլայ երկրին մէջ նպաստելու հասարակաց բարիքին, հաւասարութեան, արդարութեան եւ յարգանքի՝ մարդ արարածին հանդէպ։

10 հոկտեմբերին, յիշատակուեցաւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Քրիստոնէականի հրատարակման 25-րդ տարեդարձը։ Մեծ աղմուկ յառաջացուց Սրբազան Պապի արտայայտութիւնը՝ մահապատիժի մասին, ուր ան հաստատեց, թէ «պէտք է ուժգնութեամբ հաստատել, թէ մահապատիժը անմարդկային միջոց մըն է, որ կը խոնարհեցնէ մարդկային անհատի արժանապատուութիւնը»։

26 հոկտեմբերին, Սրբազան Պապը սաթելիթի միջոցաւ կապուեցաւ անջրպետի միջազգային կայանի աստղանաւորդ Փաօլօ Նեսփոլիի եւ անձնակազմի այլ անդամներու հետ, որակելով միջազգային այդ կայանը «համագործակցութեան մեծ օրինակ»։

10 նոյեմբերին, Ֆրանչիսկոս Պապ ունկնդրութիւն շնորհեց կորիզային զէնքերու զինազերծման գիտաժողովի մասնակցողներուն։ Ան դատապարտեց կորիզային զէնքերը, նկատելով որ անոնց գոյութիւնը հիմնուած է վախի տրամաբանութեան վրայ։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի 2017 թուականի վերջին միջազգային ճամբորդութիւնը եղաւ դէպի Միանմար եւ Պանկլատէշ, Նոյեմբեր 26-էն մինչեւ  2 դեկտեմբեր։ Անդրադառնալով երկրի վիճակին, Սրբազան Հայրը շեշտեց, թէ «կրօնական տարբերութիւնները պէտք չէ ըլլան աղբիւր բաժանումի եւ պառակտումի»։ Պանկլատէշի մէջ Սրբազան Պապը ընդունեց Ռոհինճա գաղթականներու պատուիրակութիւն մը եւ անոնց ուղղած խօսքին մէջ ըսաւ՝ «Բոլոր անոնց անունով, որոնք ձեզ կը հալածեն, եւ անոնց անունով, որոնք ձեզի ցաւ պատճառած են, եւ մասնաւորապէս աշխարհի անտարբերութեան համար ձեզմէ ներում կը խնդրեմ»։

21 դեկտեմբերին, Սրբազան Պապը ընդունեց Սուրբ Աթոռի զանազան բաժանմունքներու աշխատակիցները։ Իր խօսքին մէջ ան յորդորեց «գերազանցել դաւերու եւ փոքր խմբակցութիւններու անհաւասարակշիռ տրամաբանութիւնը»։ Ան մեղադրեց «վստահութեան դաւաճանողները»։

25 դեկտեմբերին, Ս. Ծննդեան տօնի առիթով, Սրբազան Պապը կոչ ուղղեց ճիգ թափելու, որ երկրագունդը վերածենք աւելի մարդկային եւ աւելի արժանավայել այսօրուան եւ վաղուան մանուկներուն համար»։

Տարւոյն ընթացքին, Ֆրանչիսկոս Պապ կատարեց այլ բազմաթիւ այցելութիւններ ժողովրդապետութիւններու եւ Իտալիոյ զանազան քաղաքներուն։ Ան միշտ ներկայացաւ իբր խաղաղութեան եւ հաշտութեան պատգամաւոր եւ աղքատներու, հալածուածներու եւ ընկճուածներու դատին պաշտպան։








All the contents on this site are copyrighted ©.