2017-12-30 09:47:00

Երկրի բնակչութիւնը յունուար 1-ին պիտի հասնի 7,444 միլիառ մարդու


Մոլորակի բնակչութեան թուաքանակը Յունուար 1-ին պիտի հասնի 7 միլիառ 444 միլիոն 443 հազար 881-ի:

Այս կանխատեսմամբ Դեկտեմբեր 28-ին հանդէս եկած են Միացեալ Նահանգներու Մարդահամարի բիւրոյի մասնագէտները:

Անոնց տարածած յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ «ընթացիկ տարուան յունուարի 1-ի համեմատութեամբ Երկրի բնակիչները աւելցած են 78,5 միլիոն մարդով»: Աճը կազմած Է 1,07 տոկոս:

Կը սպասուի, որ «գալիք տարուան Յունուարին իւրաքանչիւր վայրկեան լոյս աշխարհ պիտի գայ 4,3 երեխայ, պիտի մահանայ 1,8 մարդ»:

Աւելի առաջ Բիւրոն կանխատեսած Է, որ 2050 թուականին աշխարհի վրայ պիտի ըլլայ 9 միլիառ մարդ:

11-րդ դարու սկիզբը Երկրի վրայ կ՛ապրԷր 310 միլիոն մարդ, 1900 թուականին` 1,6 միլիառ մարդ: 6 միլիառի հասած է  1999 թուականին: Մոլորակի բնակչութիւնը 7 միլիառի հասած 2011 թուականին: Միացեալ Նահանգներու մէջ Յունուար 1-ին բնակչութեան թիւը պիտի կազմէ 326,97 միլիոն, որ 2,3 միլիոնով աւելի Է, քան անցնող տարուան Յունուար 1-ին, կը հաղորդէ ԹԱՍՍը:








All the contents on this site are copyrighted ©.