2017-12-30 10:06:00

Ատրպէյճանի «սեւ ցանկ»ին վրայ տեղ գտած անձերու թիւը կը հասնի 600ի


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Հիքմեթ Հաճիեւ Դեկտեմբեր 28ին յայտնած է, որ արտաքին գործոց նախարարութեան անբաղձալի անձերու յատուկ «սեւ ցանկ»ին մէջ ընդգրկուածներուն թիւը կը հասնի 600ի:

Ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու համաձայն՝ Հաճիեւ անդրադարձած է նաեւ Սեպտեմբեր 22ին Արցախ այցելած չորս թուրք մտաւորականներու հարցին եւ ըսած, որ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի իրաւապահ մարմինները քննարկումներ կը կատարեն այդ ուղղութեամբ։

Նշեալ ցանկին մէջ են մեծամասնութեամբ Արցախ այցելած օտարահպատակ քաղաքացիներ։ Հոն կան նաեւ այլախոհ քաղաքական ու հասարակական գործիչներու, գործարարներու, լրագրողներու եւ այլոց անուններ:

Հոգեբանական ճնշում գործադրելու ուղղուած այս «դիւանագիտական գործիք»ը արդէն իսկ սկսած է օգուտի փոխարէն՝ աւելի շատ վնաս հասցնելու Ալիեւի վարչակազմին։








All the contents on this site are copyrighted ©.