2017-12-29 10:50:00

Ֆրանչիսկոս Պապին ճառը՝ Իտալական Աստուածաբանական ընկերակցութեան անդամներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ 29 դեկտեմբեր 2017-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ, Վատիկանի Քլեմենթինա դահլիճին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց Իտալական Աստուածաբանական ընկերակցութեան անդամներուն, ընկերակցութեան հիմնադրութեան 50-րդ տարեդարձին առթիւ եւ անոնց արտասանած խօսքին մէջ ակնարկելով այս օրերու Սուրբ Ծննդեան մթնոլորտին ու տօնակատարութիւններուն, ուրախութիւնը յայտնեց ընկերակցութեան յոբելենական տարեդարձին առթիւ, գոհութիւն մատուցելով Տիրոջ՝ անոնց համար որոնք յիսուն տարիներ առաջ քաջութիւնն ունեցան հիմնադրելու ընկերակցութիւնը ու բոլոր անոնց համար որոնք տարիներու ընթացքին գործեցին անոր ներքոյ սատարելով աստուածաբանութեան զարգացումին ու եկեղեցւոյ կեանքի աճումին։

Սրբազան Հայրը մատնանշեց ապա ընկերակցութեան նպատակակէտին՝ որ ծնունդ առած է ծառայութեան ու հաղորդութեան հոգիով, թելադրուած  Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովէն եւ որ կը նպաստէ եկեղեցւոյ առաքելութեան՝ Աւետարանը հռչակելու  «հաւատարիմ ստեղծագործութեամբ» ու խնդրեց ներկաներէն շարունակելու հետապնդել այդ նպատակը, հաւատարիմ մնալով իրենց աշխատանքին ու Վատիկանեան Տիեզերական Ժողովին։

Ֆրանչիսկոս Պապ մատնանշեց հուսկ ընկերակցութեան գործելակերպին որ է «աստուածաբանութիւնը ուսումնասիրել միասին» նշելով թէ ընկերակցութեան մաս կը կազմեն 330 աստուածաբաններ։ 

Ձեր այս գործելակերպը կ՛արտայայտէ Ճշմարտութեան էականը՝ որուն ծառայութեան տակ կը դրուի աստուածաբանութիւնը։ Արդարեւ կարելի չէ առանձնական կերպով կամ մրցակցային տրամաբանութեամբ ծառայել Աստուծոյ մը ճշմարտութեան, որ է լոկ Սէր, յաւերժական հաղորդութիւն՝ Հօր, Որդւոյ եւ Սուրբ Հոգւոյ եւ որուն փրկարար ծրագիրը՝ մարդոց Իր հետ ու իրենց միջեւ հաղորդութիւնն է, ։

«Աստուածաբաններուն գործունէութիւնը անձնական որոնում ու հետազօտութիւն է՝ սակայն անոն« կը մնան անձեր որոնք կը գործեն աստուածաբաններու հասարակութեան մը մէջ, որոնք իրարու կապուած են զօրակցութեան ու իսկական բարեկամութեան կապերով» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ապա անդրադարձաւ հաւատքի մասին, հաստատելով թէ հաւատք ունենալու համար հարկաւոր չէ աստուածաբաններ ըլլալ ու միեւնոյն ատեն ընդգծելով աստուածաբանութեան կարեւորութիւնը ի սպաս հաւատքին, յատկապէս ներկայ դարաշրջանին մէջ, որպէսզի եկեղեցին կարենայ Աւետարանի պատգամը հասցնել այսօրուայ մարդոց եւ կիներուն։

Կարիքը կայ աստուածաբանութեան մը որ օգնէ բոլոր քրիստոնեաները՝ հռչակելու եւ բացայայտելու Աստուծոյ փրկարար դիմագիծը, Ողորմած Աստուծոյ դիմագիծը, յատկապէս՝ մարդուն դիմագրաւած մի քանի մարտահրաւէրներուն ի տես, ինչպէս է պարագան բնապահպանութեան տագնապին, ջղագիտութեան կամ արուեստագիտութեան զարգացումին՝ որոնք կարող են փոխակերպել մարդուն էութիւնը, ինչպէս նաեւ ընկերային անհաւասարութիւնը ու ժողովուրդներու զանգուածային գաղթը։

Ասոր համար կարիքը կայ աստուածաբանութեան մը որ պէտք է իրագործուի քրիստոնեաներու միջեւ, որոնք գիտեն իրենք զիրենք դնել զանազան Եկեղեցիներու ու Եկեղեցւոյ ծառայութեան տակ եւ որոնք կը ստանձնեն պարտականութիւնը վերամտածելու Եկեղեցին՝ որպէսզի միշտ աւելիով համապատասխանէ Աւետարանին զոր կը քարոզէ, հաստատեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ու ճառը եզրափակեց մաղթելով որ ներկաները իրենց ուսումնասիրութիւններով կարողանան հարստացնել համայն Աստուծոյ ժողովուրդը ապա բոլորին շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնը ինչպէս միշտ խնդրելով որ չմոռնան աղօթել իրեն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.