2017-12-29 09:16:00

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը սպասման մէջ է


ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփի կողմէն Երուսաղէմի իբրեւ Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանաչումը լուրջ խնդիրներու առաջ դրած է Երուսաղէմի հայկական պատրիարքութիւնը:

«Առաջին լրատուական»-ի հետ կայացած զրոյցի մը ընթացքին՝ Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութեան դիւանապետ Կորիւն վարդապետ Պաղտասարեան ըսած է, որ տուեալ պահուն իրավիճակը խաղաղ է, յայտարարութենէն ետք զինուորական եւ ոստիկանական ուժերը կրցած են իրավիճակը հսկողութեան տակ պահել, եւ այդ յայտարարութեան յաջորդող բախումները մեծ ծաւալներ չեն ընդգրկած:

Անոր խօսքերով` բախումները մասնաւորապէս Պաղեստինի մէջ են, Երուսաղէմի մէջ հանգիստ է. «Երուսաղէմի մէջ միայն Ուրբաթ օրերը` մահմետականներու աղօթքէն ետք է, որ բախումներ տեղի կ՝ունենան, բայց անոնք հսկողութեան տակ կ՝առնուին»,- նշած է պատրիարքութեան դիւանապետը:

Անդրադառնալով ՄԱԿ-ի Գլխաւոր ասամպլէայի ընդունած բանաձեւին, որուն միացած է նաեւ Հայաստանը եւ ըստ որուն կոչ ուղղուած է ԱՄՆ-ին ետ կանգնելու Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանչնալու իր որոշումէն՝ Հայր Կորիւն զուգահեռներ անցուցած է 1967-ի հետ, երբ եօթնօրեայ պատերազմի յաղթանակին իբրեւ արդիւնք՝ Իսրայէլը կը վերահսկէր քաղաքին ամբողջ տարածքը, կը բաժնէր Արեւելեան Երուսաղէմը Յորդանան գետի արեւմտեան ափէն եւ կը յայտնէր Երուսաղէմի մէջ իր գերիշխանութեան մասին: ՄԱԿ-ին կողմէ այդ ժամանակ կրկին բանաձեւ ընդունուած էր, որ չէր ճանչնար այդ տարածքներուն վրայ Իսրայէլի ինքնիշխանութիւնը եւ բանաձեւ ընդունած էր, որ կը ճանչնայ այդ տարածքները` իբեւ գրաւեալ տարածքներ: «Կը կարծեմ` հաւատարիմ մնացած են իրենց նախկին ընունած որոշման, եւ տրամաբանօրէն այդպէս պէտք է ըլլար»,- աւելցուցած է հայր Կորիւնը:

Անդրադառնալով հայկական կալուածքներու վտանգման հարցին` դիւանապետը նշած է, որ վարչական առումով յայտարարութենէն ետք որեւէ նոր բան չէ փոխուած, մինչ յայտարարութիւնն ալ Հին քաղաքը Երուսաղէմի քաղաքապետարանին հետ անմիջական իրաւասութեան ներքոյ էր, արտօնութիւններու, հարկերու-տուրքերու վճարման առումով անմիջական կապ եղած է. «Պարզապէս պէտք է սպասենք եւ տեսնենք` դեսպանատունը իրօք կը տեղափոխուի՞, թէ՝ ոչ»,- ըսած է հայր Կորիւնը` աւելցնելով, որ Թրամփի յայտարարութեան մէջ անորոշութեան որոշ երանգ կար: Անոր խօսքերով` հիմա պէտք է սպասել-տեսնել` իրօք դեսպանատունը կը տեղափոխուի՞, թէ՝ ոչ:

«Թրամփ իր խօսքին մէջ նշեց, որ կը հրահանգէ ճարտարապետներուն, ճարտարագէտներուն, նոր դեսպանատան համար ծրագիր կազմելու եւ երկրորդը` շատ յստակ նշեց, որ Երուսաղէմի սահմաններուն հետ կապուած խնդիրներ կան»,- ընդգծած է պատրիարքարանի դիւանապետը։








All the contents on this site are copyrighted ©.