2017-12-28 09:20:00

Իրանի նախագահը այցելեց պատերազմին ընթացքին զոհուած Հայերու ընտանիքներուն


ԹԵՀՐԱՆ.- Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի Նոր Տարուան եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն առիթով այցելեց Իրան-Իրաք պատերազմին ընթացքին զոհուած Էդուին Շահմիրեանի եւ Ժորժ Քէշիշ Յարութիւնեանի ընտանիքներուն:

Հասան Ռուհանի յայտնեց, որ իրանահայերը Իրանի հասարակութեան մէջ առանձնայատուկ տեղ ունին եւ մեծ յարգանք կը վայելեն:

Իրանագէտ Արմէն Իսրայէլեան «ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ կը գրէ. «1980-1988 թուականներուն Իրան-Իրաք պատերազմին մասնակցեցան 17,000 իրանահայեր, որոնցմէ 260ը նահատակուած է»

 








All the contents on this site are copyrighted ©.