2017-12-27 08:27:00

ՀՀ Նախագահը հանդիպած է Համայն Վրաստանի Կաթողիկոս-պատրիարք Իլիա Բ-ի հետ։


Վրաստան կատարած պաշտօնական այցին ծիրէն ներս՝ ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան, այսօր առաւօտեան, մինչ արարողակարգով նախատեսուած երկկողմ հանդիպումները, հայկական համայնքի ներկայացուցիչներու հետ, Թիֆլիսի մէջ այցելած է Վիրահայոց թեմի առաջնորդանիստ Սուրբ Գէորգ եկեղեցի, որմէ ետք մեկնած է «Հերոսներ»-ու հրապարակ` ծաղկեպսակ դրած յուշակոթողին եւ յարգանքի տուրք մատուցած:

Հանրապետութեան նախագահը, այնուհետեւ, հանդիպում ունեցած է Համայն Վրաստանի Կաթողիկոս-պատրիարք Իլիա Երկրորդի հետ:

Նախագահը շնորհակալութիւն յայտնած է Համայն Վրաստանի Կաթողիկոս-պատրիարքին` հայ եւ վրացի ժողովուրդներու բարեկամութեան պահպանման եւ խորացման գծով անոր աղօթքներուն համար:

Ընդգծելով, որ Հայաստանն ու Վրաստանը իրարու հետ կապուած են դարաւոր բարեկամութեամբ, Հանրապետութեան նախագահը նշած է, որ այդ բարեկամութեան աւանդոյթները կառուցուած են քրիստոնէական եւ մշակութային ընդհանուր արժէքներու եւ պատմութեան ամուր հիմքի վրայ:

Հանդիպման ժամանակ՝ Հանրապետութեան նախագահը Կաթողիկոս-պատրիարքին ներկայացուցած է իր պաշտօնական այցին ծիրէն ներս նախագահ Մարկվելաշվիլիի հետ երէկ ունեցած հանդիպման արդիւնքները` գոհունակութեամբ նշելով կայացած արդիւնաւէտ քննարկումները եւ ապահովուած համաձայնութիւնները:

(Եռագոյն)








All the contents on this site are copyrighted ©.