2017-12-26 09:44:00

Նշուեցաւ Ս. Ստեփանոս նախասարկաւագին ու նախավկային տօնը:


Նախագահութեամբ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Կիրակի, 24 Դեկտեմբեր 2017-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Ս. Ստեփանոս նախասարկաւագին ու նախավկային տօնը՝ Ս. եւ Անմահ Պատարագով։ Պատարագը մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան։

Առաջնորդ սրբազանը իր քարոզին մէջ նշեց, որ Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ առաջին նահատակը ըլլալու կողքին կարեւորագոյն մարտիրոսներէն մէկն է՝ շնորհիւ իր Աստուծատուր կամքի հզօրութեան ու շնորհքին։ Ակնարկելով «Գործք Առաքելոց» գիրքին, Սրբազանը ըսաւ, որ Ս. Ստեփանոս ընտրուած էր Յիսուսի առաքեալներուն կողմէ որպէս քրիստոնէութեան քարոզիչ ու ձեռնադրուած է սարկաւագ, որուն համար Սուրբը քարկոծուելով նահատակուած է։ Թէեւ այս դէպքը տեղի ունեցած է անցեալին, սակայն ժամանակակից է, որովհետեւ մեզի կը լիցքաւորէ Սուրբին կամքով ու հաւատքով, որպէսզի մենք ալ մեր կեանքին փոթորիկներուն առջեւ տոկանք Սուրբ Ստեփանոսին նման, նշեց Սրբազանը՝ աւելցնելով, թէ այս տօնով մեր եկեղեցին ո՛չ թէ Սուրբ Ստեփանոսին անձը կը փառաբանէ, այլ անոր օրինակը կենդանի պահելով հաւատք ու կամք կը ներշնչէ։

Պատարագի աւարտին, միաբանութիւնը, սարկաւագաց դասը, դպրեվանեցիները եւ ներկայ հաւատացեալ ողովուրդը թափօր կազմած՝ ուղղուեցան Վեհարանի Դահլիճ, ուր տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յատուկ յայտագիր մը։ Դպրեվանքի «Արմաշ» երգչախումբը ներկայացուց Ս. Ստեփանոսի նուիրուած փունջ մը շարականներ, ինչպէս նաեւ ընթերցուեցան «Նարեկ» աղօթամատեանէն ու Աւետարանէն հատուածներ։ Այս առիթով, յանուն սարկաւագաց դասին, Բարշ. Պետրոս Սրկ. Տէր Կարապետեան ընթերցեց ուղերձ մը։

Յայտագիրի աւարտին Նորին Սրբութիւնը տուաւ իր հայրապետական պատգամը։ Վկայակոչելով օրուան տօնը, Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց, որ Ս. Ստեփանոսը նահատակութեան ու ծառայութեան խորհրդանիշ է, իսկ անոր կեանքէն ճառագայթող պատգամը կը վկայէ, որ ճշմարիտ ծառայութիւնը կենդանի նահատակութիւն է։ Հայրապետը լուսարձակի տակ առաւ հոգեւորական եւ ազգային գործունէութեան մէջ ծառայութեան ու անձնուիրութեան կարեւորութիւնը. «Սովորական իմաստով չենք ըմբռնած ծառայութիւնը եւ պիտի չըմբռնենք. ծառայութիւնը եկեղեցւոյ, ազգին ու հայրենիքին սրբազան նպատակին համար, ինքզինք տալ է, ինչպէս Ս. Ստեփանոսը ինքզինք տուաւ ծառայութեան ճամբով եւ ի հարկին՝ արիւնը թափելով», ըսաւ Հայրապետը։ Ան իր խօսքը եզրափակեց յիշեցնելով հաւատացեալ ժողովուրդին, թէ ներկայ դժուար պայմաններուն մէջ հայ հոգեւորականին միակ սկզբունքը եւ կոչումը հայ եկեղեցւոյ ու ազգին ծառայութիւնը պէտք է ըլլայ եւ ատիկա բարձր է բոլոր տիտղոսներէ եւ մակդիրներէ, իսկ հայ հոգեւորականին այս առաքելութեան պատրաստող դարբնոցը Դպրեվանքն է.«Այս առիթով կ՚ողջունեմ Դպրեվանքին մարդակերտումի սրբազան առաքելութիւնը։ Թող մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ ծառայութիւնը զանազան ձեւերով դառնայ մնայուն արժէք ու ճշմարիտ ճանապարհ», ըսաւ Վեհափառը։








All the contents on this site are copyrighted ©.