2017-12-26 13:30:00

«Մօտիկ ըլլանք անոնց որոնք կը հալածուին» Ֆրանչիսկոս Պապ։


 (Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի 26 դեկտեմբեր 2017-ին, Սուրբ Ստեփանոս նախավկայի տօնին առթիւ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրապարակեց թուիթ մը որուն մէջ նշեց թէ այսօր կը յիշատակենք բոլոր անոնք որոնք հալածանքներու ենթարկուած են ապա հրաւէր ուղղեց մեր մօտիկութիւնը ցուցաբերելու անոնց՝ ըլլայ սիրոյ արտայայտութեամբ, ըլլայ աղօթքով։

«Այսօր կ՛ուզենք յիշել անոնք որոնք կը տառապին հալածանքներու բերումով եւ մօտիկ ըլլալ անոնց՝ մեր սիրով ու մեր աղօթքով» գրեց Նորին Սրբութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.