2017-12-25 12:15:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Սուրբ Ծննդեան մաղթանքը։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի՝ 25 դեկտեմբեր 2017-ին, Սուրբ Պետրոսի կեդրոնական պատշգամէն համայն աշխարհին ուղղած  «Ուրպի էթ Օրպի» Սուրբ Ծննդեան պատգամի աւարտին,  Ֆրանչիսկոս Պապ, բոլորին փոխանցեց Սուրբ Ծննդեան շնորհաւորական մաղթանք ըսելով.

«Ձեզի սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, որ այս հրապարակը  ժամանած էք աշխարհի բոլոր վայրերէն ու բոլոր անոնք որոնք տարբեր երկիրներէն կապուած էք ռատիոյի, հեռատեսիլի ու հաղորդակցութեան տարբեր միջոցներու միջոցաւ, ձեզի կը յղեմ իմ սիրալիր մաղթանքս։

Թող որ Քրիստոս Փրկիչի Ծնունդը նորոգէ սրտերը, հրահրէ իղձը՝ կառուցելու աւելի զօրակից եւ եղբայրական ապագայ մը ու բոլորին բերէ ուրախութիւն եւ յոյս։ Շնորհաւոր Սուրբ Ծնունդ»։. 








All the contents on this site are copyrighted ©.