2017-12-25 12:12:00

Ֆրանչիսկոս Պապի «Ուրպի էթ Օրպի» Ծննդեան պատգամը։


(Ռատիօ Վատիկան) Յիսուսի Սուրբ Ծննդեան տօնին օրը, Երկուշաբթի՝ 25 դեկտեմբեր 2017-ի, ժամը 12-ին, ,  Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, աւանդութեան համաձայն, Սուրբ Պետրոսի կեդրոնական պատշգամէն, համայն աշխարհին ուղղեց Սուրբ Ծննդեան իր պատգամը որուն աւարտին շնորհեց «Ուրպի էթ Օրպի» առաքելական օրհնութիւնը։

Սրբազան Քահանայապետը իր պատգամը կեդրոնացուց Մանուկներուն վրայ որուն սկիզբը ըսաւ.

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր Շնորհաւոր Սուրբ Ծնունդ։

Բեթղեհէմի մէջ, Սուրբ կոյս Մարիամէն, Ծնաւ Յիսուսը։ Ան չի ծնաւ մարդկային կամքին համաձայն, այլ Հօր Աստուծոյ սիրոյ պարգեւին համար, «որ այնքան սիրեց աշխարհը որ մինչեւ իսկ իր Միածին Որդին տուաւ, որպէսզի ամէն մարդ որ հաւատայ անոր չկորսուի այլ ընդունի յաւիտենական կեանքը» (Յովհ. 3,16)։

Այդ եղելութիւնը այսօր կը նորոգուի՝ ժամանակի ուխտաւոր եկեղեցւոյ մէջ. Քրիստոնեայ ժողովուրդին հաւատքը Ծնունդի ծիսակատարութեան մէջ կը վերապրի խորհուրդը՝ եկող Աստուծոյ, որ կ՛ընդունի մեր մահկանացու մարմինը. որ կը դառնակ փոքրիկ եւ աղքատ՝ մեզ փրկելու համար։ Այս մէկը մեզի յուզմունք կը պատճառէ որովհետեւ մեծ է մեր Հօր քնքշութիւնը։

Առաջինները որոնք՝ Մարիամէն եւ Յովսէփէն ետք, ականատես կ՛ըլլան Փրկիչի խոնարհ փառքին, Բեթղեհէմի հովիւներն են։ Անոնք ճանչցան նշանը որ իրենց աւետած էր հրեշտակը ու երկրպագեցին Մանուկին։ Այդ հեզ սակայն արթուն եւ հսկող մարդիկը՝ օրինակ են բոլոր ժամանակներու հաւատացեալներուն, անոնք Յիսուսի խորհուրդին դիմաց, չի գայթակղեցան անոր աղքատութենէն, այլ, Մարիամի նման, վստահեցան Աստուծոյ Խօսքին ու պարզ աչքերով խոկացին Անոր Փառքին վրայ։

Մարմնացած Բանի խորհուրդի դիմաց, բոլոր քրիստոնեաները կը խոստովանին, Յովհաննէս Աւետարանիչի խօսքերով «Մենք տեսանք Անոր Փառքը, զոր կ՛ընդունի Հօրմէն, իբրեւ Միածին Որդի, լի շնորհքով եւ ճշմարտութեամբ (Յովհ 1,14)։

Այսօր երբ աշխարհի վրայ կը բջեն պատերազմներու քամիները եւ յետամնաց զարգացումի նմուշ մը կը շարունակէ արտադրել մարդկային, ընկերային եւ բնապահպանական նուաստացում, Ծնունդը մեզ կը մղէ Մանուկի նշանին, ճանչնալու զինք մանուկներու դիմագիծերուն մէջ, յատկապէս անոնց որոնք, Յիսուսի նման, տեղ չունին ապաստանելու։

Կը տեսնենք Յիսուսը Միջին Արեւելիքի մանուկներուն մէջ, որոնք կր շարունակեն տառապիլ, Իսրայէլացիներու ու Պաղեստինցիներու միջեւ լարուածութեան սրումի պատճառաւ։ Այս տօնական օրուան առթիւ, հայցենք Տիրոջմէ՝ խաղաղութիւն Երուսաղէմի համար ու համայն Սուրբ Երկրին համար, աղօթենք որպէսզի կողմերու միջեւ գերակշռէ կամքը՝ վերսկսելու երկխօսութիւնը ու կարելի դառնայ հասնիլ բանակցային լուծումի մը, որ կարելի դարձնէ երկու Պետութիւններու խաղաղ գոյատեւումը,միջազգային գետնի վրայ ճանչցուած սահմաններու ներքոյ։

Տէրը թող զօրաւիգ ըլլայ նաեւ այն բոլորին՝ որոնք Միջազգային Հասարակութեան մէջ ոգեւորուած են բարի կամքով, օժանդակելու համար այդ մարտիրոս երկրին որպէսզի, հակառակ բոլոր ծանր  խոչընդոտներուն, գտնէ հաշտութիւնը, արդարութիւնը եւ ապահովութիւնը որ երկար ժամանակէ ի վեր կը սպասէ։

Կը տեսնենք Յիսուսի Սուրիացի մանուկներուն մէջ, որոնք տակաւին  ազդուած են պատերազմէն  որ այս տարիներուն արիւնի մէջ թողուց երկիրը։ Թող որ սիրելի Սուրիան վերագտնէ ամէն մէկ անհատի արժանապատուութեան յարգանքը, միասնական յանձնառումի միջոցաւ՝ կառուցելու համար  ընկերային խաւը, անկախ ցեղային կամ կրօնական պատկանելիութենէն։

Կը տեսնենք Յիսուսը Իրաքի մանուկներուն մէջ, երկիրը որ տակաւին վիրաւոր է ու բաժնուած այն թշնամութենէն՝ որով յատկանշուեցան վերջին տասնըհինգ տարիները, ինչպէս նաեւ Եմենի մանուկներուն մէջ, ուր տակաւին տեղի կ՛ունենայ հակամարտութիւն մը որ մոռցուած է, եւ րո ունի մարդկայնական խոր հետեւանքներ բնակչութեան վրայ, որ թիրախ է անօթութեան ու հիւանդութիւններու տարածումին։

Կը տեսնենք Յիսուսը Ափրիկէի մանուկներուն մէջ, յատկապէս անոնց որոնք կը տառապին Հարաւային Սուտանի մէջ, Սոմալիայի, Պուրունտիի, Քոնակոյի հանրապետութեան ու Կեդրոնական Ափրիկէի ինչպէս նաեւ Նիճերիոյ մէջ։

Կը տեսնենք Յիսուսը աշխարհի բոլոր մանուկներուն մէջ ուր չկայ խաղաղութիւն ու ապահովութիւնը սպառնալիքի տակ է, նոր հակամարտութիւններու ու լարուածութիւններու վտանգի պատճառաւ։

Աղօթենք՝ որպէսզի Քորէական թերակղզիին մէջ յաղթահարուին ընդդիմութիւնները ու աճի փոխադարձ վստահութիւնը՝ ի շահ համայն աշխարհին։ Մանուկ Յիսուսին յանձնենք Վենեզուելլան որպէսզի ընկերութեան զանազան բաղադրիչներու միջեւ վերսկսի խաղաղ բանակցութիւնները Վնեզուելլայի բոլոր ժողովուրդին բարիքին ի նպաստ։

Կը տեսնենք Յիսուսը այն մանուկներուն մէջ, որոնք իրենց ընտանիքներուն հետ միասին կը տառապին, Ուքրանիոյ հակամարտութեան բռնութեան ու անոր յառաջացուած մարդկայնական ծանր հետեւանքներու պատճառաւ ու կ՛աղօթենք՝ որպէսզի Տէրը արագօրէն խաղաղութիւն պարգեւէ այդ երկրին։

Կը տեսնենք Յիսուսը այդ մանուկներուն մէջ որոնց ծնողները գործազուրկ են ու դժուարութիւն ունին իրենց զաւակներուն ապահովեցնելու անդորր ու ապահով ապագայ մը։ Ապա կը տեսնենք Յիսուսը այդ մանուկներուն մէջ որոնցմէ գողցուած է մանկութիւնը եւ պարտադրուած են աշխատիլ իրենց փոքր հասակէն եւ կամ անբարեխիղճ զինուորական խմբակներէն չարաշահուած են որպէս մանուկ զինուորներ։

Կը տեսնենք Յիսուսը բազմաթիւ մանուկներուն մէջ, որոնք պարտադրուած են թողուլ իրենց Հայրենիքը, անմակարդային պայմաններու մէջ ճամբորդել միայնակ, դառնալով մարդավաճառներուն դիւրին թիրախներ։ Այս մանուկներու աչքերու ընդմէջէն կը տեսնենք նաեւ բազմաթիւ բռնի գաղթականներու ողբերգութիւնը՝ որոնք նոյնիսկ իրենց կեանքը կը վտանգէն։

Յիսուս կը տեսնեմ այդ մանուկներուն մէջ որոնց հանդիպեցաւ Միանմար ե Պանկլատէշ կատարած վերջին ճամբորդութեանս ընթացքին ու կը մաղթեմ որ Միջազգային հասարակութիւնը երբեք չի դադրի գործելու՝ որպէսզի տարածաշրջանի փոքրամասնութիւններու արժանապատուութիւնը պատշաճ կերպով պաշտպանուի։

Յիսուս լաւապէս կը ճանչնայ  ընկալուած չ՛ըլլալու  ցաւը ու  գլուխը տեղ մը չի կարենալ հանգչեցնելու յոգնութիւնը։ Թող որ մեր  սիրտը փակ չմնայ՝ նման Բեթղեհէմի տուներու դռներուն։

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, մեզի եւս յայտնուած է Ծնունդի նշանը «խանձարուրի մէջ պատուած Մանուկ մը». Սուրբ Կոյս Մարիամի եւ Սուրբ Յովսէփի նման, ինչպէս նաեւ Բեթղեհէմի հովիւներուն նման ընկալենք Մանուկ Յիսուսին մէջ՝ մեզի համար  մարդեղացած Աստուծոյ սէրը ու յանձնառու ըլլանք, անոր շնորհքով, մեր աշխարը դարձնելու աւելի մարդկային եւ այսօրուայ եւ վաղուայ մանուկներուն համար  աւելի արժանավայել։








All the contents on this site are copyrighted ©.