2017-12-25 08:42:00

Երկուշաբթի 25 Դեկտեմբեր 2017 - Տօն Ծննդեան Քրիստոսի


Մեր աննման շարականներու գանձէն կը քաղեմ այս խօսքը. Խորհուրդ մեծ շարականի 7-րդ տունն է, որ դժբախտաբար յաճախ չերգցուիր։ Քրիստոս այն լուսաւոր արեւն է արդարութեան, որ ծագեցաւ Հօրմէն եւ հանգեցաւ մեր վրայ։ Մեր շարականները լի են աստուածաբանական ճոխ բովանդակութեամբ, ինչպէս նաեւ հոգեկան խորք ունեցող բացատրութիւններով։ Որով մեր վարդապետական դպրոցները, որ աւա՜ղ այսօր գոյութիւն չունին այլեւս, ժամանակին ծաղկած էին ամբողջ Հայաստանի մէջ, նոյնիսկ երկրի ճգնաժամային ու նեղ օրերուն, գործելով որպէս հայ հոգիի եւ մտքի դաստիարակչական անուանի կեդրոններ եւ պահելով ու պահպանելով մեր հերոս ժողովուրդի ամէ-նէն սրբազան աւանդութիւնները, ինչպէս նաեւ միշտ կանգուն ու կենդանի պահելով անոր աննկուն հաւատքը Քրիստոսի հանդէպ։

Արդարութեան այս արեգակը, Յիսուս է` որ կու գայ Հօր ծոցէն, կը լուսաւորէ բոլոր արարածները։ Քրիստոսի ծննդեան անուանի նկարիչները միշտ այնպէս կը ներկայացնեն ծնունդը, իբրեւ թէ լոյսը Յիսուսէն կը ծագի եւ կը լուսաւորէ իր շուրջը գտնուող բոլոր էակները։ Ուրեմն այդ լոյսը բնական չէ, այլ գերբնական։ Ան է ճշմարիտ լոյսը, որ կու գայ բոլոր արարածներու մտքերն ու սրտերը աստուածային գիտութեամբ լուսաւորելու։ Հրեշտակները հոգեղէն արարածներ են. Կարելի չէ զանոնք տեսնել մեր հողեղէն աչքերով. Սակայն այս պարագային` աւետելու համար Քրիստոսի ծնունդը հովիւներուն, անոնք երեւութապէս կը յայտնուին մարդոց` պարուրուած լոյսերով, ներկայանալով որպէս լուսեղէն արարածներ, որոնք լոյս կը սփռեն իրենց շուրջը։

Շարականը կ՛աւելցնէ թէ` հովիւները, տեսնելով արդարութեան արեգակը, հրեշտակներուն հետ միանալով կ՛երգէին. Փառք ի բարձունս Աստուծոյ։ Այսօր աստուածութիւնը կը միանայ մարդկութեան, Արարիչը կը դառնայ արարած, հակառակ աշխար-հի մէջ ի զօրու եղող բնութեան բոլոր օրէնքներուն։ Այլեւս նոր օրէնք մը կը սկսի տիրել աշխարհի վրայ, մարդոց առջեւ բանալով դռները նոր թագաւորութեան մը։ Շարականը կ՛աւարտի մեզ ամէնքս հրաւիրելով որ միանանք հրեշտակներու եւ հովիւներու ձայներուն եւ մենք եւս փառաւորենք արդարութեան արեգակը։

Հարց պիտի տանք մենք մեզի թէ Քրիստոսի գալուստով` արդեօք աշխարհն աւելի՞ արդար եղաւ. Արդեօք վերացա՞ն ընկերային անհաւասարութիւնները մարդոց մէջէն. Արդեօք մարդիկ սորվեցա՞ն իրար սիրել եւ իրարու իրաւունքները յարգել. Թէ ամէն ինչ նոյնպէս կ՛ընթանայ, իրաւունքը միշտ զօրաւորին է ու բռնաւորին, հարուստ եւ աղքատ դասակարգերու միջեւ եղած վիհը օրէ օր աւելի կ՛աճի, փոխանակ նուազելու։ Եթէ այդ-պէս է, ուրեմն ի՞նչ փոխուեցաւ Քրիստոսի գալստեամբ։ Շատ տեղին է այս հարցումը, եւ անոր պատասխանը կենսական հարց մըն է մեզմէ ամէն մէկուն համար։

Ճիշդ է որ Քրիստոս չհարստացուց աղքատները բայց ըսաւ` երանի՜ աղքատներուն. Չմխիթարեց սգաւորներն ու տառատպեալները, բայց ըսաւ` երանի՜ լացողներուն. Բռնաբարուած անձերու իրաւունքին տէր չկանգնեցաւ, բայց ըսաւ` երանի՜ հալածուածներուն… Այս խօսքերով մենք այլեւս գիտենք թէ ուր կը գտնուին իսկական արժէքները մարդկութեան. Այժմ կը հասկնանք գէթ մասամբ Քրիստոսի պատգամին իսկական իմաստը. Անով աշխարհ մտաւ հոգւոյ առաջնահերթութիւնը։ Մարմնաւոր  կեանքը կը պահէ իր արժէքը, սակայն հոգեւորը գերադաս է։ Հրեշտակներուն հետ մենք եւս երգենք.

Փառք ի բարձունս Աստուծոյ եւ խաղաղութիւն` երկրի բոլոր մարդոց. Ամէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.