2017-12-24 12:08:00

Ֆրանչիսկոս Պապին 24 դեկտեմբերի Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի՝ 24 դեկտեմբեր 2017-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը ու այս առթիւ ներկայացուց խորհրդածութիւն մը կեդրոնացած օրուան աւետարանական հատուածին վրայ որ քաղուած էր Ղուկասի Աւետարանէն (1,26-38), ուր կը խօսուի Աւետումի մասին։

«Վեցերորդ ամսուան մէջ՝ Գաբրիէլ հրեշտակը Աստուծմէ ղրկուեցաւ Գալիլեայի մէկ քաղաքը, որուն անունը Նազարէթ էր, կոյսի մը՝ մարդու մը նշանուած, որուն անունը Յովսէփ էր, Դաւիթի տունէն. այդ կոյսին անունը Մարիամ էր:

Հրեշտակը անոր քով մտնելով՝ ըսաւ. «Ողջո՜յն, շնորհընկալ կոյս, Տէրը քեզի հետ է: Դուն կիներուն մէջ օրհնեա՜լ ես»:

Տեսնելով զայն՝ շփոթեցաւ անոր խօսքէն, եւ ինքնիրեն կը մտածէր թէ ի՛նչ տեսակ բարեւ էր ատիկա:

Հրեշտակը ըսաւ անոր. «Մի՛ վախնար, Մարիա՛մ, որովհետեւ շնորհք գտար Աստուծոյ քով:

Ահա՛ պիտի յղանաս որովայնիդ մէջ ու որդի մը պիտի ծնանիս, եւ անոր անունը Յիսուս պիտի կոչես:

Ան մեծ պիտի ըլլայ ու Ամենաբարձրին Որդին պիտի կոչուի: Տէր Աստուած անոր պիտի տայ իր հօր՝ Դաւիթի գահը, եւ Յակոբի տան վրայ յաւիտեան պիտի թագաւորէ: Անոր թագաւորութիւնը վախճան պիտի չունենայ»:

«Երկար աւէտիս մը։ Մանուկը որ պիտի ծնի այս խոնարհ ու հեզ աղջիկէն պիտի կոչուի Աստուծոյ Որդի։ Կարելի չէ ըմբռնել այս մենաշնորհումէն աւելի մեծը»  ըսաւ Քահանայապետը մատնանշելով թէ երբ Մարիամ  բացատրութիւններ կը խնդրէ Հրեշտակէն, Ան աւելի մանրամասնօրէն կը ներկայացնէ իրողութիւնը։

Մարիամ առ այդ կը պատասխանէ՝ ծառայութեան ու տրամադրութեան մէկ խօսքով « Ահա՛ ես Տէրոջ աղախինն եմ, քու խօսքիդ համաձայն թող ըլլայ ինծի»:

Մարիամ կը մնայ հեզ ու խոնարհ ընկալելով Տիրոջ իրեն վերապահած ծրագիրը։ Ան չի մտածեր ինքզինք ցոյց տալ այլ կ՛ընդունի իր փոքրութիւնը Աստուծոյ առջեւ ու միեւնոյն ատեն կը հասկնայ թէ կոչուած է մեծ ծրագրի մը իրականացումին։

Մարիամ  կը ներկայանայ Աստուծոյ Որդոյն համապատասխան վերաբերմունքով մը։ Աստուծոյ Որդին կ՛ուզէ մարդոց ծառայել՝ իրականացնելու համար Հօր ծրագիրը։ Մարիամ եւս կ՛ըսէ «ահա Տիրոջ աղախինը» եւ այսպէսով է որ Ան կը յայտնուի՝ որպէս համագործակից Աստուծոյ ծրագրին։

«Մինչ կը կը սքանչանանք մեր Մօր վրայ իր այս պատասխանին՝ Աստուծոյ կոչումին ու առաքելութեան, Անորմէ խնդրենք որ օգնէ մեզմէ իւրաքանչիւրս ընկալելու համար Աստուծոյ ծրագիրը՝ մեր կեանքէն ներս, անկեղծ հեզութեամբ ու  վեհանձն տրամադրութեամբ» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը աւարտելով խորհրդածութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.