2017-12-24 11:08:00

Բարի գործեր իւրաքանչիւր օրուան համար։


Երբեք չ՝արժէ թերագնահատել առաջին հայեացքէն նոյնիսկ աննշան թուացող բարի գործերուն ուժը: Բարին կը յիշուի երկար տարիներ: Բայց ամենաարժէքաւորը բարիին մէջ այն է, որ անիկա վարակիչ է:

Աշխատեցէք որքան կարելի է յաճախ ընել հաճելի մանրուքներ շրջապատի համար եւ դուք պիտի տեսնէք, թէ ինչպէս կը լաւանայ ձեր տրամադրութիւնը եւ աշխարհը՝ ձեր շուրջը:

Իւրաքանչիւր օրուան համար բարի գործերու քանի մը օրինակ՝

Ձեր հերթը տուէք ուրիշին,
Հրաւիրեցէք ձեր ընկերը թատրոն` ձեր հաշուին,
Կերակրեցէք անտուն կենդանիները,
Ձեր ընկերոջ ջերմ խօսքերով բացիկ ուղարկեցէք,
Ձեր տեղը զիջեցէք հանրակառքին մէջ,
Եթէ փողոցը աղբ տեսնէք, վերցուցէք եւ աղբաման դրէք,
Վիճակահանութեան տոմս առէք ձեր ընկերոջ կամ անծանօթ մարդու համար,
Դրացիին սենեակային ծաղիկ նուիրեցէք,
Օգնեցէք ճանապարհին մնացած մարդուն` փոխել ինքնաշարժին վնասուած անիւը,
Շոքոլայ նուիրեցէք սպասարկող անձնակազմին` վաճառողին, փոստատարին կամ հաւաքարարին,
Օգնեցէք տարեց հարեւանին թափելու աղբը,
Ձեր ընտանիքի անդամներուն ըսէք, թէ որքան արժէքաւոր են իրենք ձեզի համար,
Աւելի շատ ժպտացէք,
Ծերուկին օգնեցէք փողոցը անցնելու,
Օգնեցէք ոեւէ մէկուն հաւաքելու տունը: Օրինակ` փոքրիկ ունեցող ձեր ծանօթին:

«Եռագոյն»








All the contents on this site are copyrighted ©.