2017-12-24 20:28:00

Արհ. Գէորգ Եպսկ. Ասատուրեանի պատգամը. «Սուրբ Ծնունդը՝ աղբիւր ուրախութեան, սիրոյ եւ զոհողութեան»։


     Տօնը՝ զոր կը յիշատակենք , սիրով եւ յոյսով կը լեցնէ հաւատացեալները: Ան կը խորհրդանշէ Աստուծոյ գերագոյն սէրը մարդոց հանդէպ: Տիրոջ խոստումը իր ժողովուրդը ազատելու՝ Իր միածին Որդին ղրկելով։  Անոր պարգեւը մարդկութեան , յո՛յս՝ յաւիտենական խաղաղութեան:

     Յիսուս աշխարհ չեկաւ պերճանքով՝ թագաւորներու , հարուստներու եւ հզօրներու ուշադրութիւնը գրաւելու համար, այլ՝ խոնարհաբար ծնաւ մսուրի մը մէջ, շրջապատուած իր ծնողքներէն, որոնք պարզ մարդիկ էին, եւ կենդանիներով : Անոր զօրութիւնը իր պարզութեան եւ աղքատութեան մէջ կը կայանար : Յիսուս մեզի ցոյց տուաւ թէ Տէր Աստուած ո՛չ հզօրութիւն, ո՛չ հարստութիւն, ո՛չ ալ ոյժ կը փնտռէ , այլ՝  կը ցանկայ արդարութիւն, հաւատք, ներողամտութիւն եւ քաջասրտութիւն հաստատուած տեսնել՝ որպէսզի մարդիկ կարենան  հանդուրժել կեանքի դժուարութիւններուն:

     Իսկ մենք, ի՞նչ կը փնտռենք տօնական այս օրերուն : Միայն կերուխու՞մ եւ նուէրնե՞ր ստանալ, թէ՞ Յիսուսը մեր սրտերուն մէջ ընդունիլ: Մեզի կը մնայ որոշել ...։

     Ըստ ստուգաբանական բառարանին , naï- veté եւ nativité բառերը նոյն լատիներէն արմատը ունին: Արդարեւ , Սուրբ Ծննդեան Տօնը պարզութեան ու խոնարհութեան պահ մըն է, որ կը թելադրէ անպաճոյճ ըլլալ՝ հաւատալու համար թէ ապագան պայծառ պիտի ըլլայ եւ առանց փոթորիկի: Երբեմն կը տարուինք մտածելու թէ այս բոլորը պարզամտութիւ՞ն է, թէ՞ պարզապէս յոյսի հայեացք մը եւ երջանկութեան իղձ մը, հանդերձ՝ առօրեայի անվստահութիւններուն: Այսօր, ապագային հանդէպ բաւարար ինքնավստահութիւն պէտք է ունենալ՝ մեր հարազատներուն շնորհաւոր տարի մը մաղթելու համար:

     Սուրբ Ծնունդի եւ Ամանորի առթիւ,  պայծառատեսութիւնը մեզի կը պարտադրէ նկատի առնել տնտեսական եւ ընկերային տագնապը,  աշխատանք եւ կայուն վիճակ մը գտնելու  դժուարութիւնները,  յարաճուն աղքատութիւնը:

     Այս Սուրբ Տօնին առթիւ, Աստուծմէ խնդրենք շնորհք , փրկութիւն մեր հոգիներուն, խաղաղութիւն  չարիքներով, նախանձով եւ ատելութեամբ լի այս աշխարհին:

     Աստուած մեզ ազատեց Իր Միածին Որդին աշխարհ ղրկելով եւ զոհելով։ Ան մեզ կանչեց յաւիտենական կեանքին: Մենք  պարտաւոր ենք պատասխանել Անոր հրաւէրին՝  այս տօնակարութիւններուն առթիւ որդեգրելով Տիրոջ ճամբան, հնազանդելով Անոր խօսքերուն եւ փառաւորելով Անոր անունը մեր առօրեայ բոլոր գործունէութիւններուն ընթացքին: Մեր մէջ պէտք է վերածնի, Յիսուսի հետ, այն քրիստոնեայ մարդը որ գիտէ դիմագրաւել անարդարութիւնը , սխալները, Չարը, եւ որ կը փափաքի աճեցնել եղբայրական եւ հոգեւոր սէրը , փառաւորելով Աստուծոյ անունը որպէս տիեզերքի Արարիչ:

     Որպէսզի այս հնարաւորութիւնը իրականութեան վերածուի, պարտինք պատասխանել սիրով մը՝ արժանի   Աստուծոյ սիրոյն. «Սէրը երկայնամիտ է, քաղցր է. սէրը  չի նախանձիր, սէրը չի գոռոզանար, չի հպարտանար , անվայել վարմունք չունենար , իրենը չի փնտռեր, բարկութեամբ չի գրգռուիր , չարութիւն չի խորհիր» (1 Կոր 13, 4-5):

     Իսկ  տագնապը որ կ'ապրինք այսօր՝ հրաւէր մը չէ՞ արդեօք բարեփոխելու մեր վարմունքն ու ապրելակերպը: Որդեգրելու համերաշխ համակեցութեան ճանապարհը։ 

   Թո՛ղ Սուրբ Ծնունդն ու Նոր Տարին մեզի բերեն խաղաղութիւն։ Ընտանեկան եւ ընկերային հաստատ կապերը թո՛ղ առաջնորդեն մեզ դէպի իսկական եղբայրութիւն:

     Տէր, շնորհակալ ենք Սուրբ Ծննդեան հրաշալիքին: Կոյս Մարիամը մեզի պարգեւեց Աստուծոյ Որդին եւ թող ուրախութիւնն ու խաղաղութիւնը աշխարհի վրայ  տիրեն յաւերժ։ Այսօր մենք  վերածնինք մանուկ Յիսուսին հետ՝ Աստուծոյ մէջ:

     Այսօր Յիսուս կը ցանէ Սէրը մեր մէջ եւ Աստղին լոյսը կը վերակենդանացնէ մեղքերով փճացած մեր կեանքը:

      Թող Տէրը գթա՛ մեզի եւ մեզ  չզրկէ՛ Իր առատաձեռնութենէն, համբերութենէն եւ մանաւանդ սէրէն:

Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ

Ձեզի մեզի մեծ Աւետիս

Հայր Գէորգ Եպսկ. Ասատուրեան 








All the contents on this site are copyrighted ©.