2017-12-24 13:30:00

«Շնորհակալ ըլլանք Յիսուսին». Ֆրանչիսկոս Պապին 24 դեկտեմբերի թուիթը։


(Ռատիօ Վատիկան) «Խոկանք Մանուկ Յիսուսին վրայ, անհուն ու խոնարհ սէր. Անոր պարզութեամբ դիմենք ըսելով. «Շնորհակալ եմ, որովհետեւ այս ամէն բաները ըրիր ինծի համար»։ Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին, կիրակի 24 դեկտեմբեր 2017-ին, Սուրբ Ծննդեան նախատօնակին առթիւ հրատարակած թուիթը որուն մէջ հրաւիրեց հաւատացեալները խոկալու ու խորհրդածելու Սուրբ Ծննդեան իսկական իմաստին վրայ, ապա այդ անհուն պարգեւին համար շնորհակալ ըլլալու մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսին, որ իր մարդեղութեամբ ուզեց մեզի մօտենալ ու մեզի բացայայտել իր անհուն սէրը։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.