2017-12-22 08:44:00

Սուրբ Երկրի մէջ Փրանկիսկեաններու 800-ամեայ ներկայութեան առթիւ Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը։


(Ռատիօ Վատիկան) Դեկտեմբեր 21-22, տեղի կʼունենայ միջազգային գիտաժողով մը, Սուրբ Երկրի մէջ Փրանկիսկեաններու 800-ամեայ ներկայութեան առիթով։

Հինգշաբթի, 21 դեկտեմբերին, գիտաժողովի բացումին ներկայացուեցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի պատգամը, ստորագրութեամբ Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի։ Ան կը մաղթէ կազմակերպողներուն, զեկուցողներուն եւ մասնակիցներուն՝ որ «Սուրբ Ֆրանչիսկոսի օրինակին հետեւելով, անոնք ամէն տեղ տարածեն բարեկամութիւն, զօրակցութիւն եւ խաղաղութիւն։

Գիտաժողովը սկսաւ Հռոմի մէջ, եւ ամսոյն 22ին կը փոխադրուի Ասսիզի։

Սրբազան Քահանայապետը իր գոհունակութիւնը կը յայտնէ գիտաժողովի նիւթին համար, որ կը քննարկէ «մշակոյթներու եւ կրօնքներու միջեւ երկխօսութիւնը՝ խաղաղութեան ազդակումին մէջ»։ Այս նիւթը կ՛արծարծուի, երբ Երուսաղէմը՝ խորհրդանիշ ժողովուրդներու եւ կրօնքներու խաղաղ համակեցութեան, կ՛ապրի դիւրաբեկ պահ մը։

Սրբազան Պապը, նկատի առնելով մշակոյթներու եւ կրօնական աւանդութիւններու բազմազանութիւնը, կը յորդորէ ցուցաբերել վաւերական ծառայութիւն մը կեանքի եւ անհատի արժանապատուութեան, որովհետեւ բազմազանութիւնները մարդկային եւ հոգեւոր հարստութիւններ են, մասնաւորապէս այս վայրին մէջ, որ պահանջքն ունի լսելի ըլլալու։

Գիտաժողովին նեցուկ կը կանգնին կրօնական փոքրամասնութիւններու Դիտակը, Իտալիոյ Արտաքին Գործերու նախարարութիւնը եւ Վատիկանեան Հիմնարկի Միջազգային Համագործակցութեան «Նազարէթի Ընտանիք Միջազգային Կենդրոն»ը։ Իրենց համագործակցութիւնը կը բերեն Ֆրանչիսկեան Ընտանիքին զանազան մասնաճիւղերը, որոնք մեծ թիւով ապահոված են իրենց ներկայութիւնը։ Ձիգ այժմէականութիւն ունեցող նիւթ մըն է գիտաժողովի քննարկածը, յատկապէս այնպիսի տարածաշրջանի մը համար, որ կարիքն ունի խաղաղութեան, զօրակցութեան, համակեցութեան, եւ մշակութային, ընկերային ու կրօնական համագործակցութեան։ Ֆրանչիսկեան ներկայութիւնը տարածաշրջանէն ներս միշտ նպաստած է մարդկային յառաջդիմութեան, եւ երկխօսութեան ու մերձեցումի քաղաքակրթութեան։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.