2017-12-22 08:21:00

ՄԱԿ-ի ընդհանուր Ժողովը որդեգրեց Երուսաղէմի վերաբերեալ Թրամփի որոշումը դատապարտող որոշումը


ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովը երէկ 128 թեր, 9 դէմ եւ 35 ձեռնպահ քուէներով որդեգրեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնալտ Թրամփի` Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանչցող որոշումը դատապարտող որոշում մը:

ՄԱԿ-ի մէջ Պաղեստինի մնայուն ներկայացուցիչ Ռիատ Մալիքի նիստի ընթացքին յայտնեց, որ Երուսաղէմը Միջին Արեւելքի եւ ամբողջ աշխարհի վրայ խաղաղութեան ու պատերազմի բանալին է` աւելցնելով, որ ամերիկեան միջնորդի Իսրայէլի հանդէպ կողմնակալութիւնը կը ստեղծէ խաղաղութեան հոլովոյթին միջազգային նոր ծածկոյթ մը ստեղծելու հրամայականը:

Ան ըսաւ, որ ամերիկեան որոշումը պիտի չազդէ Երուսաղէմի կարգավիճակին վրայ, այլ Միացեալ Նահանգներու` իբրեւ խաղաղութեան միջնորդ դերակատարութեան վրայ:

ՄԱԿ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու մնայուն ներկայացուցիչ Նիքի Հէյլի իր կարգին յայտնեց, որ իր երկիրը ՄԱԿ-ի մեծագոյն ֆինանսական ներդրողն է, եւ երբ օժանդակութիւն կը տրամադրէ, պէտք է յարգանքի արժանանայ, սակայն կ՛անարգուի: Ան Իսրայէլի դեսպանին խօսքէն ետք հեռացաւ ժողովասրահէն:

Իսրայէլեան լրատուամիջոցները քուէարկութիւնը Թրամփին հասցուած հարուած մը նկատեցին, ինչպէս նաեւ Իսրայէլի համար յուսախաբութիւն մը:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու երէկ նախքան Ընդհանուր ժողովի նիստը ՄԱԿ-ը «սուտերու տուն» մը կոչած էր` աւելցնելով, որ Երուսաղէմը ՄԱԿ-ի կամքէն անկախ Իսրայէլի մայրաքաղաքն է:

Պաղեստինցիները ողջունեցին քուէարկութեան արդիւնքը եւ զայն նկատեցին Պաղեստինի եւ Երուսաղէմի յաղթանակը, ինչպէս նաեւ Թրամփի եւ Նեթանիահուի հասցուած հարուած մը:








All the contents on this site are copyrighted ©.