2017-12-21 08:13:00

2017-ի առաջին 9 ամիսներուն Հայաստան այցելած 1,1 միլիոն զբօսաշրջիկ։


Հայաստան այս տարուան առաջին 9 ամիսներուն ժամանած է 1,1 միլիոն զբօսաշրջիկ, ինչ որ 21 տոկոսով աւելի է անցեալ տարուան նոյն ժամանակահատուածի ցուցանիշէն:

Զբօսաշրջութեան պետական կոմիտէի նախագահ Զարմինէ Զէյթունցեան Դեկտեմբեր 19-ին հրաւիրուած տարեկան ամփոփիչ ասուլիսի ընթացքին ներկայացուց այս տարուան ընթացքին կատարուած աշխատանքն ու յոյս յայտնեց, որ ընդհանուր առմամբ 2017-ին Հայաստան ժամանած զբօսաշրջիկներու թիւը կրնայ հասնիլ 1,5 միլիոնի:

Զէյթունցեանի խօսքով` անցեալ տարուան համեմատ աճած է նաեւ ներքին զբօսաշրջիկներու թիւը:

Զբօսաշրջութեան պետական կոմիտէն բազմաթիւ ծրագիրներ իրականացուցած է 200 հազար տոլար պիւտճէով մը, 2018-ի պիւտճէով այս թիւը կրկնապատկուած է:

(Եռագոյն)








All the contents on this site are copyrighted ©.