2017-12-20 09:14:00

Իրաքի Քրտական մարզի մէջ հակակառավարական բիրտ ցոյցերը կը շարունակուին


Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզին մէջ հակակառավարական տրամադրութիւնները բորբոքած են: Երէկ մարզի քաղաքներուն մէջ հակակառավարական ցոյցերը շարունակուելով կեդրոնացան Սուլէյմանիա եւ շարք մը այլ քաղաքներու մէջ:

Նոյն օրը, մեծաթիւ ցուցարարներ հաւաքուեցան Սուլէյմանիայի կեդրոնի Տարաքի Սարայ եւ Պապել Սարայ շրջանին մէջ, ուր բախումներ տեղի ունեցան ապահովական մարմիններուն հետ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազդակ»-ը։

Բողոքի ցոյցեր կազմակերպուեցան նաեւ Քաֆրի եւ շարք մը այլ քաղաքներու մէջ:

Քուէյսանճաք գաւառին մէջ ցուցարարները ներխուժեցին գաւառապետութեան շէնք եւ զայն հրկիզեցին: Նոյն շրջանի Նահիաթ Թաքթաքի մէջ եւս տեղի ունեցան բռնարարքներ:

Երկուշաբթի գիշեր Իրպիլի, Սուլէյմանիայի, Հալապժայի, Տահուքի եւ քանի մը այլ քաղաքներու մէջ ցուցարարները փողոց իջնելով, հրկիզած էին Քիւրտիստանի հայրենասէրներու միութիւն, Քիւրտիստանի ժողովրդավարական կուսակցութիւն եւ Քիւրտիստանի իսլամական հասարակութիւն (Քոմելա) կուսակցութիւններու կեդրոնատեղիները:

Քիւրտ բնակչութիւնը դժգոհ է դաշնակցային իշխանութիւններէն` իրենց աշխատավարձերը չփոխանցելուն եւ այլ պարտաւորութիւններ չկատարելուն պատճառով: Բողոքի ցոյցերուն միացած են նաեւ բազմաթիւ պետական պաշտօնատարներ:

Փեշմերկաները միջամտած են ցոյցերուն եւ անոնց ու ցուցարարներուն միջեւ բախումներուն իբրեւ հետեւանք արձանագրուած են տասնեակ վիրաւորներ:








All the contents on this site are copyrighted ©.