2017-12-20 09:08:00

ԵԱՀԿ-ի մամլոյ ներկայացուցիչը քննադատած է լրագրողներուն նկատմամբ Պաքուի բռնութիւնները


Մամլոյ ազատութեան հարցերով ԵԱՀԿ-ի ներկայացուցիչ Հարլեմ Տեզիր 18 դեկտեմբերին մտահոգութիւն յայտնած է Ազրպէյճանի մէջ «Քանալ 13» համացանցային լրատուամիջոցի ղեկավար Ազիզ Օրուճեւին նկատմամբ արձակուած դատավճիռին առնչութեամբ: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրես»:

Արդարեւ, ծանր յանցագործութիւններու Պաքուի դատարանը 15 դեկտեմբերին Օրուճեւը դատապարտած էր վեց տարուան բանտարկութեան:

«Կոչ կ՛ուղղեմ իշխանութիւններուն վերատեսութեան ենթարկելու Ազիզ Օրուճեւի դատավճիռը եւ վերջ դնելու անոր բանտարկութեան ու անոր ապահովութեան սպառնացող միջոցառումներուն: Յոյս ունիմ, որ այս վճիռը վերատեսութեան կ՛ենթարկուի վերաքննիչ բողոքի ընթացքին», նշած է Տեզիր:

ԵԱՀԿ-ի ներկայացուցիչը յիշատակած է նաեւ այս տարուան մայիսին Թիֆլիսի մէջ առեւանգուած լրագրող Աֆղան Մուխթարլիի դէպքը: «Մուխթարլի առեւանգուած է, եւ Ազրպէյճանի մէջ անոր դէմ ներկայացուած են շինծու մեղադրանքներ: Ան կը շարունակէ բանտարկուած մնալ, ինչ որ մտահոգիչ է: Կոչ կ՛ուղղեմ իշխանութիւններուն, որ վերցնեն լրագրողին դէմ ուղղուած բոլոր մեղադրանքները եւ յարգեն անոր ազատ արտայայտուելու իրաւունքը», նշած է ան:

Տեզիր նաեւ շեշտած է, որ լրագրող Խատիճա Իսմայիլովայի դրամատնային հաշիւներուն սառեցումը եւ անոր` երկրէն դուրս գալուն առջեւ դրուած սահմանափակումը լուրջ քայլեր են, որոնք կը խոչընդոտեն լրագրողներու մասնագիտական գործունէութիւնը:

Տեզիր նաեւ հիասթափութիւն յայտնած է Պաքուի վերաքննիչ դատարանի այն որոշումին համար, որ կը պահէր Լրագրողներու պաշտպանութեան եւ ապահովութեան հիմնարկի ներկայացուցիչ Մեհման Հուսէյնովի երկու տարուան բանտարկութեան վճիռը:








All the contents on this site are copyrighted ©.