2017-12-20 13:30:00

«Երկնքի մէջ կարեւոր չէ հարստութիւնը այլ սէրը» Ֆրանչիկսոս Պապին թուիթը։


(Ռատիօ Վատիկան) «Երկնքի մէջ արժէք չ՛ունի թէ ի՞նչ ունինք այլ այն ինչ որ կու տանք»։ Այսպէս գրեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը չորեքշաբթի 20 դեկտեմբերին հրապարակած թուիթին մէջ, որուն ընդմէջէն ուզեց անգամ մը եւս մատնանշել երկինքի մէջ տիրող տրամաբանութեան, ուր կարեւոր չէ  հարստութիւններ դիզելը ու ինչքեր հաւաքելը, այլ պարզապէս՝ բարիք գործելը։ Ֆրանչիսկոս Պապ յաճախ կրկնած է թէ վերջին դատաստանին օրը Յիսուս մեզի պիտի չի հարցնէ որքան հարստութիւն ու դրամ ունինք, այլ՝ որքան սէր ցուցաբերեցինք մեր մերձաւորին։








All the contents on this site are copyrighted ©.