2017-12-19 11:15:00

Ուաշինկթըն վեթոյի կ ՛ենթարկէ Երուսաղէմի վերաբերեալ բանաձեւը


Միացեալ Նահանգներ իրենց վեթոյի իրաւունքը կիրարկեցին Երուսաղէմի վերաբերեալ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին ներկայացուած եգիպտական բանաձեւին դէմ: 14 երկիրներ բանաձեւին թեր քուէարկեցին:

ՄԱԿ-ի մօտ Միացեալ Նահանգներու մնայուն ներկայացուցիչ Նիքի Հէյլի մերժեց այն ամբաստանութիւնները, թէ Ուաշինկթըն կը հեռանայ Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութեան հոլովոյթէն` նշելով. «Պաղեստինցի ղեկավարներուն յայտարարութիւնները իրենց չեն նպաստեր, եւ Ուաշինկթըն շատ բան տուաւ պաղեստինցի ժողովուրդին»:

Ըստ անոր, ՄԱԿ-ը անգամ մը եւս անիրաւ կերպով կը վարուի Իսրայէլի հետ:

Պաղեստինեան իշխանութիւնը անմիջապէս դատապարտեց ամերիկեան վեթոն եւ զայն նկատեց միջազգային ընտանիքին նկատմամբ «անտեսում մը»:

Քուէարկութեան արդիւնքին լոյսին տակ` Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու շնորհակալութիւն յայտնեց Միացեալ Նահանգներու դեսպանին` աւելցնելով. «Ճշմարտութիւնը յաղթեց սուտին»:

Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս շեշտեց, որ «այսօրուընէ սկսեալ կը մերժենք, որ Միացեալ Նահանգներ խաղաղութեան հոլովոյթին մէջ միջնորդ ըլլան»` նշելով. «Վճռած ենք ՄԱԿ-ի լիարժէք անդամակցութիւն ստանալ»:

«Այսօր պիտի հրապարակենք Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի որոշումին դէմ 22 միջազգային նոր կազմակերպութիւններու անդամակցութեան դիմումներու ստորագրութիւնը», ըսաւ ան` ընդգծելով. «Երուսաղէմի վերաբերեալ Թրամփի յայտարարութիւնը կատարելապէս զուրկ է օրինականութենէ, եւ անոր դէմ պիտի որդեգրենք իրաւական, քաղաքական եւ դիւանագիտական միջոցառումներ»:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.