2017-12-19 11:31:00

Եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութիւնը եւ տնտեսական կեանքը


Հինէն ի վեր, մարդկային պատմութեան ամէն դարաշրջանին , Եկեղեցին գտնուած է մեծ մարտահրաւէրներու առջեւ , մատչելի դարձնելու համար Աւետարանի վարդապետութիւնը ընկերային կեանքին: Տարիներու ընթացքին այս ընթացքը աստիճանաբար մշակուեցաւ , եւ նոր միտք մը երեւան եկաւ որ կոչուեցաւ « Եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութիւն» : Ան հանդէս եկաւ որպէս իմաստութիւն, որ կ'այժմէացնէ Աւետարանը եւ սկզբունքներ կու տայ այսօրուայ աշխարհի հաւատացեալին:

Շատեր , յաճախ հարց կու տան թէ ինչո՞ւ համար եկեղեցին կը զբաղի տնտեսական , ընկերաբանական հարցերով : Եթէ եկեղեցին կը խօսի այս հարցերուն մասին, պատճառը այն է որ քրիստոնեաները ներկայ են այս գրաւականներուն մէջ : Եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութիւնը անջատուած է կեանքէն որուն մէջ քրիստոնեան ներդրում գործած է: Ան տնտեսական, ընկերաբանական կամ քաղաքական գործողութիւններու ծրագիր մը չէ. « Եկեղեցին ձեւէր չառաջարկեր  , կ'ըսէ Յովհաննէս Պօղոս Բ. , Չենդէզիմոյ Աննոյ ( 100-րդ տարին ) շրջաբերական թուղթին մէջ : Եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութիւնը, կը շարունակէ քահանայապետը , ընկերաբանական բարոյագիտութիւն է . իր ընկերային ուսուցման մէջ, Կաթողիկէ Եկեղեցին , գործելու համար կ'առաջարկէ հիմնական ուղեգիծեր, եւ հիմնական ուղեգիծը հետեւեալն է . « մարդկային արժանապատուութիւնը» : Այլ խօսքով՝ ընկերատնտեսական կեանքին մէջ, հարկ է պատուել եւ բարձրացնել մարդուն արժանապատուութիւնը, անոր ամբողջական կոչումը, ինչպէս նաեւ ամբողջ հասարակութեան բարիքը, քանի մարդն է հեղինակը, կեդրոնը եւ նպատակը ընկերատնտեսական ամբողջ կեանքին:  Իւրաքանչիւր մարդ, ըլլայ պարզ քաղաքացի , գործաւոր , գործատէր, կամ տնտեսագէտ , պարտի որպէս քրիստոնեայ իր պարտականութիւնները կատարել հանդէպ իր մերձաւորին , քանի ամէն մէկը՝ միւսին պատասխանատու է :

Հետեւաբար , Եկեղեցին իր ընկերային վարդապետութեան ուսուցումով կը փորձէ ճանչցնել հաւատացեալներուն  ոչ միայն ինչ որ բարի է եւ ճշգրիտ, այլ նաեւ զանոնք կը դաստիարակէ բարեգութ ըլլալու մերձաւորին հանդէպ : Ալ աւելի, Եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութեան ուսուցումը եւ յատկապէս Սրբազան Քահանայապետերու ձայնը, կոչ մըն է ուղղուած՝ քաղաքական եւ տնտեսական մեծ հաստատութիւններուն, անոնց աւելի արդար մարդկային ընթացք ներշնչելու մարդկութեան հանդէպ:

Եթէ ակնարկ մը նետենք տնտեսական տագնապին վրայ, կրնանք ըսել որ այս տագնապը , մեզ կը հրաւիրէ քննելու մեր կենցաղը , մեր յարաբերութիւնը դրամին հետ , եւ մեր որդեգրած միջոցները հարստութիւն դիզելու: Այս չի նշանակեր բացարձակապէս, որ Եկեղեցին կ'ուզէ տնտեսական համակարգը փոխել , այլ զայն կատարելագործել՝ անոր բարոյական դիմագիծ տալով: Բենդիկտոս ԺԶ. Քահանայապետը կ'ըսէ թէ Եկեղեցին պարտականութիւնը  ունի ճանչնալու տնտեսական աշխարհի գաղափարախօսութիւնը, եւ հասկնալու անոր տրամաբանութիւնը , եւ զայն հաւատքով լուսաւորելու անձնասիրութենէ եւ սկզբնական մեղքէ: Եւ կ'աւելցնէ , որ անհրաժեշտ են տնտեսական լաւ համակարգեր, որոնք հետամուտ ըլլան արդարութեան եւ յատկապէս սիրոյ:

Այս բոլոր պահանջքները կը կազմեն ատաղձը Եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութեան: Ան կ'ուզէ սորվեցնել թէ մարդ՝ ապրելու համար պէտք ունի հացի, այսինքն առողջ տնտեսութեան, սակայն միեւնոյն ատեն ալ որ մարդ միայն հացով չէ որ կ'ապրի: Ուստի քաղաքական իշխանութիւնը կենսական դեր ունի հետապնդելու ամբողջ հասարակութեան բարիքը, եւ հասնելու յատկապէս տառապող անձերուն, որոնք կարիքը ունին սիրոյ , ինչպէս կ'ըսէ Բենեդիկտոս ԺԶ. Քահանայապետը Աստուած սէր շրջաբերականին  թուղթին մէջ: Ահա այս է Եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութիւնը:

 

Հայր Գէորգ Եպսկ. Ասատուրեան 








All the contents on this site are copyrighted ©.