2017-12-19 10:50:00

2017-ին Աշխարհի վրայ լրագրողներու դէմ ճնշումներու աճ. Թուրքիան առաջին դիրքի Վրայ։


Ամերիկեան Լրագրողներու պաշտպանութեան կոմիտէ կազմակերպութիւնը հրապարակած է իր տարեկան զեկուցումը, որ վկայէ 2017-ին աշխարհի վրայ կալանաւորուած լրագրողներու թիւի մրցանշային աճին մասին:

«Ժազիրա» կը հաղորդէ, որ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ կը շարունակեն բանտարկուած մնալ 262 լրագրողներ: Ինչպէս անցեալ տարի` այս տարի եւս ցուցակը կը գլխաւորէ Թուրքիան, ուր բանտարկուած են 73 լրագրողներ:

Կալանաւորուած լրագրողներու թիւով ցուցակի երկրորդ դիրքը գրաւած է Չինաստանը` 41 լրագրող, իսկ երրորդ դիրքը Եգիպտոսը` 20 լրագրող:

Զեկուցումին մէջ կը շեշտուի, որ Թուրքիոյ մէջ մամլոյ դէմ ճնշումները աւելի սաստկացան 15 յուլիս 2016-ին տեղի ունեցած յեղաշրջման փորձէն ետք:

Յիշեցնենք, որ 2017-ին Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովը մամլոյ ազատութեան վերաբերեալ պահանջներ ներկայացուցած էր Թուրքիոյ: Վեհաժողովի 110 թեր եւ 15 դէմ քուէներով որդեգրուած որոշումը Թուրքիայէն կը պահանջէ ազատ արձակել ահաբեկչական միջոցառումներու մասնակցելու մեղադրանքով ձերբակալուած լրագրողները, վերատեսութեան ենթարկել Թուրքիոյ քրէական օրէնսգիրքի «Թրքութիւնը վիրաւորելու» մասին 301-րդ յօդուածը, ինչպէս նաեւ «նախագահին վիրաւորելու» մասին 229-րդ եւ «ժողովուրդին մէջ ատելութիւն սերմանելու» մասին 216-րդ յօդուածները:

Զեկուցումը նաեւ կոչ կ՛ուղղէ` վերատեսութեան ենթարկելու համացանցի հրապարակումներու վերաբերեալ մեղադրանքներն ու թուլացնել Թուրքիոյ պետական պատկերասփիւռի կայանին նկատմամբ պետական վերահսկողութիւնը:

Ընդհանուր առմամբ Լրագրողներու պաշտպանութեան կոմիտէն աշխարհի վրայ լրագրողներու դէմ ճնշումներուն աճը կը կապէ նաեւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի` լրատուամիջոցներու եւ խօսքի ազատութեան հարցին մէջ ունեցած խիստ դիրքորոշման, որ որոշ չափով այլ երկիրներու ղեկավարներուն կարելիութիւն տուած է աւելի ազատ ըլլալ մամուլի ճնշման հարցին մէջ:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.