2017-12-16 10:28:00

Սուրբ Աթոռը կը մնայ մօտ՝ Աւստրալիոյ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ, մինչ մտիկ կʼընէ զոհերուն»


(Ռատիօ Վատիկան) Աւստրալիոյ մէջ հրապարակուած է մանկապղծութեան քննարկումի յանձնաժողովի տեղեկատուութիւնը, որ արդիւնքն է հինգ տարիներու աշխատանքի։

Վարչապետ Մալքոմ Թըրնպուլ, անդրադառնալով տեղեկատուութեան, մանկապղծութիւնը նկատած է Աւստրալիոյ «ազգային ողբերգութիւն»։ Ան յայտարարած է, թէ ընդառաջելով յիշեալ յանձնախումբի առաջարկին, կեանքի պիտի կոչէ նպատակային խումբ մը, որ քննարկէ յիշեալ խնդիրը, եւ դրուատած է զոհերու եւ անոնց ծնողներուն քաջութիւնը՝ խուզարկումներու ընթացքին ցուցաբերած համագործակցութեան մէջ։ Մեծ է զոհերու թիւը, իսկ մեղադրուող հաստատութիւններու թիւը կը հասնի չորս հազարի, որոնց կարգին նաեւ շատ մը կաթողիկէ հաստատութիւններ։ Կաթողիկէ քահանաներու եօթ տոկոսը մեղադրուած են 1950-2010 թուականներու միջեւ կատարուած մանկապղծութեան ոճիրով։ Այս պատճառով, առաջարկ ներկայացուած է պարտադրել քահանաները, որ խզեն խոստովանանքի խորհուրդի գաղտնիքը՝ յայտնաբերելու համար մանկապիղծները։ Յանձնաժողովը նոյնպէս առաջարկած է վերատեսել քահանաներու կուսակրօնութեան հարցը։

Անդրադառնալով Royal Commission into Institutional Responses to Child Sex Abuse in Australia յանձնաժողովի տեղեկատուութեան, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրապարակած է յայտարարութիւն մը, նկատելով, որ յանձնաժողովի աշխատանքներուն արդիւնքը արժանի է խորաթափանց քննարկումի։ «Սուրբ Աթոռը կը մնայ մօտ՝ Աւստրալիոյ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ – աշխարհական հաւատացեալներուն, կրօնաւորներուն եւ կղերականներուն – մինչ մտիկ կʼընէ զոհերուն եւ վերապրողներուն եւ կʼընկերակցի անոնց՝ բուժումի եւ արդարութեան հասնելու ջանքերուն մէջ» գրուած է վերոնշեալ յայտարարութեան մէջ ու ապա նշուած է թէ «Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը, Անչափահասներու Պաշտպանութեան Քահանայապետական Խորհուրդի հետ ունեցած վերջին հանդիպումին առիթով հաստատած էր, թէ Եկեղեցին կոչուած է ըլլալ կարեկցանքի վայր մը, մասնաւորապէս անոնց համար, որոնք տառապած են, եւ շեշտած էր թէ Եկեղեցին պարտականութիւնն ունի ապահովելու միջավայրեր՝ որոնք կʼերաշխաւորեն բոլոր մանուկներու եւ խոցելի չափահասներու պաշտպանութիւնը։»








All the contents on this site are copyrighted ©.