2017-12-16 08:35:00

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախախարութիւնը կը հակադարձէ Թուրքիոյ յայտարարութեան։


ԵՐԵՒԱՆ, «Եռագոյն».- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը արձագանգած է հայ-թրքական արձանագրութիւնները ջնջելու մասին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի յայտարարութեան:

Ըստ «Արցախփրէս»ին՝ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան տարածած յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ «միջազգային հանրութիւնը մոլորեցնելու փորձ մըն է» Նալբանդեանի այն պնդումը, թէ Թուրքիա չի կատարեր այդ արձանագրութիւններով ստանձնած իր պարտականութիւնները։ Յայտարարութեան մէջ պնդում կը կատարուի, որ իբր թէ Հայաստան առկախած է նշեալ արձանագրութիւնները, իսկ Թուրքիա հաւատարիմ է անոնց մէջ նշուած պարտաւորութիւններուն՝ արձանագրութեանց վաւերացումը պահելով օրակարգի վրայ:

«Հակառակ Հայաստանի բացասական դիրքորոշումին՝ Թուրքիա հաւատարիմ է արձանագրութիւններու հիմնական դրոյթներուն: Արձանագրութիւնները կը շարունակեն մնալ Թուրքիոյ խորհրդարանի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի օրակարգին վրայ։ Անոնց վաւերացման համար անհրաժեշտ է հարաւային Կովկասի մէջ բարենպաստ քաղաքական մթնոլորտ եւ խաղաղութիւն ապահովել», նշուած է թրքական յայտարարութեան մէջ։

Անգարա նաեւ արձանագրութիւններուն իրականացումը կապած է Արցախի խնդիրին լուծման հետ, միաժամանակ քննադատելով Հայոց Ցեղասպանութեան առնչուած Նալբանդեանի յայտարարութիւնը։ Մասնաւորապէս, թրքական յայտարարութեան մէջ կրկին փորձ մը կը կատարուի ժխտելու Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը՝ պնդելով, թէ Հայաստան այդ հարցը կը գործածէ իբրեւ Թուրքիոյ վրայ ճնշում գործադրելու գործիք:

Յիշեցնենք, որ Յունաստան կատարած իր այցին ընթացքին, Նալբանդեան յայտարարած էր, որ Թուրքիա ցարդ ոչինչ ըրած է հայ-թրքական արձանագրութիւնները կեանքի կոչելու ուղղութեամբ եւ աւելին՝ անոր համար ներկայացուցած է անհիմն նախապայմաններ, որոնց իբրեւ հետեւանք Հայաստան 2018ի գարունը պիտի դիմաւորէ առանց այդ արձանագրութիւններուն:

Միւս կողմէ, մեկնաբանելով հայ-թրքական արձանագրութիւններուն վերաբերեալ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան վերջին յայտարարութիւնը՝ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Տիգրան Բալայեան Դեկտեմբեր 15ին շեշտած է, որ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն վերաբերեալ Հայաստանի դիրքորոշման մէջ որեւէ փոփոխութիւն չէ եղած: Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ ան աւելցուցած է. «Հայաստանի դիրքորոշումը հայ-թրքական յարաբերութիւններուն վերաբերեալ բազմիցս արտայայտուած է, իսկ վերջին անգամ՝ երկու օր առաջ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Նալբանդեանի Աթէնքի մէջ ունեցած ելոյթին ընթացքին: Անիկա որեւէ փոփոխութիւն չէ կրած»:








All the contents on this site are copyrighted ©.