2017-12-15 12:50:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Վատիկանի մէջ կայանալիք Սուրբ Ծննդեան համերգի ներկայացուցիչները։


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրբ Ծննդեան տօնին առիթով, շաբաթ 16 դեկտեմբեր 2017-ին,Վատիկանի Պօղոս Զ անուան սրահէն ներս տեղի կ'ունենայ համերգ, որուն հասոյթը պիտի տրամադրուի, Ֆրանչիսկոս Պապին կամքով հիմնուած «Scholas Occurrentes» բարեգործական կազմակերպութեան նախաձեռնած ծրագիրներուն,  ինչպէս նաեւ  Տոն Պոսքոյի անուան հիմնարկին: 

Սոյն առիթով,  Նորին Սրբութիւնը, ուրբաթ 15  դեկտեմբեր-ի՝ կէսօրին, Վատիկանի Քլեմենթինա անուան դահլիճին մէջ ընդունեց Ծննդեան համերգի կազմակերպիչներն ու ու արուեստագէտները եւ այս առթիւ անոնց արտասանած ողջոյնի խօսքին մէջ իր գոհունակութիւնը յայտնեց անոն «Վատիկանի մէջ Սուրբ Ծնունդ» համերգին մասնակցելուն համար, մատնանշելով որ համերգին նիւթական հասոյթը պիտի տրամադրուի  Քոնկոյի եւ Արժանթինի երիտասարդներու յատկացուած երկու ծրագիրներու իրականացման:

 Նորին Սրբութիւնը  ապա ողջունեց ու շնորհակալութիւն յայտնեց ձեռնարկը նախաձեռնողներուն, արուեստագէտներուն ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերելով համերգին  պիտի  սատարեն՝  օգնութիւն եւ զօրակցութիւն հայցող կարիքաւորներուն:

Սրբազան Հայրը ապա խօսքը կեդրոնացուց Սուրբ Ծննդեան տօնին վրայ  ըսելով  «Սուրբ Ծնունդը զգաստուած եւ մասնակցային տօն է,  կարող՝  պաղ սրտերը ջերմացնել,  մերձաւորին հանդէպ անտարբերութեան պատնէշները վերացնել, մերձաւորին նկատմամբ բացուածութեան ու անշահախնդիր նուիրումը խթանել»։

Ասոր համար ըսաւ Նորին Սրբութիւնը «մեր օրերուն կարիքը կայ Սուրբ Ծնունդի խաղաղութեան եւ եղբայրութեան պատգամը տարածելու.  կարիքը կայ սոյն  դէպքը ներկայացնելու  զգացումներու  հարազատ արտայայտութեամբ» ընդգծելով թէ արուեստը հրաշալի միջոց է սրտերու ու մտքերու դռները բանալու Ծննդեան իսկական իմաստին վրայ։

Ֆրանչիսկոս Պապ մատնանշեց ապա  համերգի   արուեստագէտներուն ըսելով «անոնց ստեղծագործութիւնն ու հանճարը՝ իրենց աշխատանքներով ինչպէս նաեւ իրենց երգերով ու երաժշտութեամբ, կարող են հասնիլ խղճի ամենամտերիմ «լարերուն»:

Նորին Սրբութիւնը իր խօսքը եզրափակեց մաղթելով որ Վատիկանի մէջ Ծնունդի համերգը առիթ հանդիսանայ սերմանելու՝ Բեթղեհէմի մսուրէն ժայթքող քնքշութիւն, խաղաղութիւնն ու հիւրընկալութիւնը ու դարձեալ երախտագիտութիւն յայտնելով ներկաներուն իր առաքելական  օրհնութիւնները  շնորհեց անոնց ու անոնց ընտանիքներուն մաղթելով ուրախութեամբ եւ խաղաղութեամբ լի  Յիսուսի Սուրբ Ծննդեան տօն մը :

 








All the contents on this site are copyrighted ©.