2017-12-15 13:55:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Պոլիվիոյ բազմազգային պետութեան նախագահը


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ, 15 դեկտեմբերին, Վատիկանի Առաքելական պալատին իր գրասենեակին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Պոլիվիոյ բազմազգային պետութեան նախագահ՝ տիար Խուան Էվօ Մորալես Այման, որմէ ետք նախագահը հանդիպում ունեցաւ Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթռօ Փարոլինի հետ որուն ընկերացած է Վատիկանի Պետութիւններու հետ յարաբերութեան բաժանմունքի քարտուղար Գերապայծառ Փոլ Կալլակերը:

Այս առնչութեամբ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը  որուն մէջ նշեց  թէ սիրալիր մթնոլորտի մէջ կայացած  հանդիպումի ընթացին գգնահատանք արտայայտուեցաւ Եկեղեցւոյ տուած սատարին  զոր կը շարունակէ ապահովեցնել ի նպաստ երկրի բնակչութեան մարդկային, ընկերային ու մշակութային  զարգացումին ապա ակնարկուեցաւ Սուրբ Աթոռի ու Պոլիվիայի միջեւ համաձայնագիրի  իրագործման ինչպէս նաեւ անդրադարձ կատարուեցաւ կողմերը հետաքրքրող հարցերու շուրջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.