2017-12-15 09:22:00

Մենք պէտք է կարենանք հնարաւորութիւններ ստեղծել ներգաղթի համար. Սերժ Սարգսեան


ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան՝ «Արմենիա» հեռուստաընկերութեան տուած հարցազրոյցին՝ իրատեսական գնահատած է 2040-ին Հայաստանի բնակչութիւնը 4 միլիոն դարձնելու իր ներկայացուցած ռազմավարութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ Panorama.am-ը։

«Ատիկա մեզի համար բնականոն զարգանալու թիւն է, ես կը համարեմ  իրատեսական է: Յստակ գործողութիւններու ծրագիր չկայ,  թէ ամէն տարի մենք ինչ պէտք է ընենք, որովհետեւ, ելոյթէն յետոյ ստեղծուած է աշխատանքային խումբ եւ այդ աշխատանքային  խումբը ատով զբաղած է: Կը կարծեմ` մեր յառաջիկայ խնդիրն է այս հինգ տարիներուն ընթացքին արտագաղթը հասցնել, այսպէս կոչուած զերոյական մակարդակի, որպէսզի գացողներու-եկողներու տարբերութիւնը դրական ըլլայ Հայաստանի համար, կամ գոնէ  զերոյական»:

Նախագահը նշած է, որ անհրաժեշտ է պայմաններ ստեղծել ներգաղթի համար:

«Մէկ կողմէ, ի հարկէ, շատ լուրջ ուշադրութիւն դարձնելով առողջապահական խնդիրներուն, շատ լուրջ ուշադրութիւն  դարձնելով ընտանիքներուն, անոնց ամրապնդման, հասարակական վիճակին, երիտասարդներու զբաղած ըլլալուն եւ այլն, մենք պէտք է կարենանք այս ժամանակահատուածին հնարաւորութիւններ ստեղծել ներգաղթի համար: Ես ասիկա շատ իրատեսական կը համարեմ, որովհետեւ շատ-շատ մարդիկ, որոնք արտագաղթած են Հայաստանէն  չեն գտած ա՛յն, ինչ կը փնտռէին: Եւ այդ մարդիկ կարելի է վերադարձնել»,- ընդգծած է նախագահը:








All the contents on this site are copyrighted ©.