2017-12-15 08:01:00

Արեւելեան եկեղեցիներու Երգչախումբերու Ս. Ծննդեան համերգ Հռոմի մէջ։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ՝ 15 դեկտեմբեր 2017-ի երեկոյեան 6-ին, Հռոմի «Սանթա Մարիա Ին Քոզմետին» Պազիլիքայի մէջ, տեղի կ՛ունենայ  Արեւելեան եկեղեցիներու Հռոմի երգչախումբերու Ծննդեան տօնի ութերորդ համերգը, կազմակերպուած Պազիլիքայի Բեկտորի նախաձեռնութեամբ, որուն առթիւ ելոյթ կ՛ունենան Հռոմի Արեւելեան Եկեղեցիներու պատկան վարժարաններու երգչախումբերը, որոնց շարքին է նաեւ Հռոմի Քահանայապետական  Լեւոնեան Հայ Վարժարանի ժառանգաւորաց երգչախումբը, որ պիտի ներկայացնէ Հոգեւոր երգերու հաւաքածոյ մը՝ Մեծացուսցէ, Այսօր տօն է Ծննդեան, Գիշեր իջաւ եւ Սուրբ Սուրբը. 

«Այս տարի յատկապէս կարեւոր է մասնակցիլ վերոնշեալ համերգին  վերահաստատելու համար մեր հաւատքն ու սէրը ու մեր մօտիկութիւնը արտայայտելու  Միջին Արեւելքի  քրիստոնեայ մեր եղբայր ու քոյրերուն» գրած են վերոնշեալ համերգի կազմակերպիչները իրենց ուղղած հրաւէրին մէջ ուր նաեւ նշած են թէ «համերգը առիթ պիտի ըլլայ նաեւ գոհութիւն յայտնելու Աստուծոյ՝ Իրաքի Նինուէ շրջանի ազատագրումին համար ու քրիստոնեաներուն տուն վերադարձին համար, աղօթելով նաեւ որ Սուրիոյ ու Միջին Արեւելքի այլ երկիրներու ու շրջաններու մէջ հաստատուի մշտատեւ խաղաղութիւնը։

Նշենք նաեւ թէ յառաջիկայ կիրակի 17 դեկտեմբերին, Սուրբ Ծննդեան տօներու առթիւ Հռոմի մէջ  կազմակերպուած զանազան համերգներու շարքին, Լեւոնեան Վարժարանի Սուրբ Նիկողայոսի անուան եկեղեցւոյ մէջ եւս նախատեսուած է՝ «Հոգւոյն ճանապարհներ» վերտառութեամբ հոգեւոր երաժշտութեան համերգ որուն առթիւ պիտի ներկայացուին Յ. Ս Պախի, Է Կրիէկի եւ Էլենա Մարտիանի ստեղծագործութիւններ, կատարողութեամբ Վերոնիքա Քիզանիշվիլիի եւ Սարիա Քոնվերթինոյի։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.