2017-12-15 13:30:00

«Յիսուս միշտ մեր մօտն է». Ֆրանչիսկոս Պապին 15 դեկտեմբերի թուիթը։


(Ռատիօ Վատիկան) «Եթէ նոյնիսկ եւ ոչ մէկը ըլլայ որ մեզ յիշէ, Յիսուս միշտ այնտեղ ներկայ է, մեր մօտ» Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին ուրբաթ 15 դեկտեմբերին հրապարակած թուիթը որուն մէջ ան կը հաստատէ Աստուծոյ մօտիկութիւնն ու հոգատարութիւնը մարդուն նկատմամբ։ Մօտիկութիւն որ ի յայտ կու գայ նաեւ դժուար պահերու ընթացքին ու ամէն անգամ որ մենք անկեղծ սրտով կը դիմենք մեր Հօր ու կը խնդրենք որ  օգնութեան հասնի մեզի։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.