2017-12-14 12:07:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց “Populorum Progressio” հիմնարկի անդամները։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի 14 դեկտեմբեր 2017-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ի շարս այլ պաշտօնական հանդիպումներու, իր գրասենեակին մէջ ընդունեց՝ “Populorum Progressio” անուամբ քահանայապետական հիմնարկի անդամները։ Հիմնարկը ծնունդ առած է Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ օրով, Անոր 13 փետրուար 1992 թուակիր ինքնագիրով։ Հիմնարկի նպատակն է խթանել Լատին Ամերիկայի ամենէաղքատ գիւղական համայնքներու համապարփակ զարգացումը։

Հիմնարկը՝ որ այս տարի կը թեւակոխէ իր գործունէութեան 25 ամեակը, այս օրերուն Հռոմի մէջ կազմակերպած է համաժողով որպէս նիւթ ունենալով «25 տարուայ ծառայութիւն ի նպաստ մարդկային համապարփակ զարգացումին՝ նայելով ապագային»։

Նշենք թէ 25 տարուայ գործունէութեան ծիրէն ներս, Հիմնարկը իրականացուցած է աւելի քան 41 միլիոնի արժողութեամբ՝ 4.300 ծրագիրներ, որոնք յատկացուած են բնիկ ժողովուրդիններու անմիջական պահանջներուն, որոնց շարքին՝ գիւղատնտեսութեան ու անասնաբուծութեան, ձեռային արհեստներու ու ձեռնարկութիւններու զարգացումը, ըմպելի ջուրի ենթակառոյցներու ու դպրոցական կառոյցներու շինարարութիւնը, կազմաւորում ու առողջապահական խնամակալութիւն։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.