2017-12-14 08:21:00

Մոնրէալի Ալեմշահ երգչախումբը տօնախմբեց հիմնադրութեան 50-ամեակը։


Կիրակի 10 Դեկտեմբեր 2017-ին, մեծ ոգեւորութեամբ եւ ընտանեկան խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ, նշուեցաւ Մոնրէալի Տիրամայր Նարեկի ժողովրդապետութեան «Ալեմշահ» երգչախումբի հիմնադրութեան 50-րդ տարեդարձը:

Այս առթիւ, ժողովրդապետ Հայր Գէորգ ծ. Վրդ. Զապարեան, մատոյց օրուան սուրբ Պատարագը եւ տուաւ աւուր պատշաճի քարոզը: Կը համապատարագէր Գեր. Հայր Անտոն վրդ. Շատարեւեան: Իր ամբողջական կազմով ու ներդաշնակութեամբ՝ երգեցողութիւնը կատարեց «Ալեմշահ» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Մայեստրօ Համբարձում Անդունեանի եւ երգեհոնահարութեամբ, փոխնիփոխ, Նորա Քէթիպեան-Փիլոյեանի եւ Նենսի Եոզկաթլեանի: Յաւարտ Ս. Պատարագին, հոգեհանգստեան պաշտօնով ոգեկոչուեցան երգչախումբի հանգուցեալ հիմնադիրը, խբմերգիչները, մեներգիչները, խմբավարներն ու սարկաւագները: Աստուածային Ծիսակատարութենէն ետք, սիրոյ սեղան մը սարքուեցաւ եկեղեցւոյ սրահին մէջ, ուր խմբավար Համբարձում Անդունեան բացման խօսքով հանդէս եկաւ արժեւորելու համար անձնուիրումը նախկին բոլոր խմբավարներուն, ինչպէս նաեւ նախկին եւ այժմու խմբերգիչներուն, մեներգիչներուն եւ երգոնահարներուն, որոնք իրենց ծառայութեամբ պայծառացուցած են ու կը շարունակեն պայծառացնել Տիրամայր Նարեկի եկեղեցին:

Իր կարգին, Գէորգ ծ. վրդ. Զապարեան նշեց, որ երգչախումբի անդամներու մասնակցութիւնը անփոխարինելի է Սուրբ Զոհին բարւոք մատուցման եւ առաւել շքեղութեան համար: Ան զանոնք կրկին շնորհաւորեց ու խրախուսեց մնայուն ներկայութիւն ըլլալու եկեղեցւոյ մէջ: Յաջորդաբար 50-ամեակի կարկանդակը հատուեցաւ Ալեմշահ երգչախումբի անցեալի եւ ներկայի անդամներուն կողմէ եւ բաժնուեցաւ հանդիսականներուն:

Ներկաները դիտելէ ետք՝ Նորա եւ Րաֆֆի Քէթիպեաններուն պատրաստած երգչախումբին պատմութիւնը ցուցադրող տեսերիզը՝ իրենց բաժակները բարձրացուցին արտայայտելու համար իրենց գնահատանքն ու յարաճուն վերելքի մաղթանքները «Ալեմշահ» երգչախումբին, ապա բարձր տրամադրութեամբ մեկնեցան:








All the contents on this site are copyrighted ©.