2017-12-14 09:47:00

Կարօ Փայլան Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի ընտրութեան հարցը խորհրդարան հասցուց


«Ակօս» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ հայ համայնքը երկար ժամանակէ ի վեր Պոլսոյ հայոց պատրիարքի ընտրութեան կազմակերպման հարցով պատասխան կ՛ակնկալէ ներքին գործոց նախարարութենէն, որ, սակայն, ցարդ չէ պատասխանած Պոլսոյ նահանգապետարանին միջոցով պատրիարքարանին կողմէ այս նպատակով ներկայացուած դիմումին:

Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ երեսփոխան Կարօ Փայլան այս հարցը տեղափոխած է խորհրդարան` գրաւոր հարցում ուղղելով ներքին գործոց նախարար Սուլէյման Սոյլուին:

Փայլան յիշեցուցած է, որ Մեսրոպ արք. Մութաֆեան առողջական հարցերու պատճառով չի կրնար կատարել պատրիարքի իր պարտականութիւնները: Ան նշած է, որ պատրիարքական տեղապահ ընտրուած Գարեգին արք. Պեքճեանի գլխաւորութեամբ ստեղծուած էր նախաձեռնող խումբ մը, որ յատուկ դիմում ուղարկած էր Պոլսոյ նահանգապետարան` ընտրութիւնները կազմակերպելու խնդրանքով, սակայն մինչ օրս այդ դիմումին պատասխան չէ եկած, հակառակ անոր որ ընտրութիւնները կը նախատեսուէին իրականացնել 10-13 դեկտեմբերին:

Փայլան ընդգծած է, որ համաձայն լրատուամիջոցներուն մէջ տեղ գտած տեղեկատուութեան, Պոլսոյ նահանգապետ Ուասիպ Շահին ըսած է, որ «պետութիւնը Գարեգին Պեքճեանը չի ճանչնար իբրեւ պատրիարքական տեղապահ եւ կ՛ուզէ, որ ընտրութիւնը կատարուի պատրիարքարանի միւս երկու եպիսկոպոսներուն միջեւ»:

«Պատրիարքի ընտրութիւններուն պետութեան նման ձեւով միջամտելը եւ հոլովոյթին այսքան ձգձգուիլը համայնքին մէջ անհանգստութեան պատճառ դարձած են», շեշտած է հայ երեսփոխանը:

Ան Սոյլուէն պահանջած է պատասխանել հետեւեալ հարցումներուն. արդեօք ի՞նչ է պատրիարքական ընտրութիւններուն պետութեան միջամտութեան հիմքը, եւ իսկապէս կա՞յ արդեօք միջամտութիւն` պատրիարքական ընտրութիւններուն, ինչպէս նշած էր Պոլսոյ նահանգապետը: Նաեւ, Փայլան փորձած է հասկնալ, թէ ի՛նչն է ընտրութեան կազմակերպման հոլովոյթի ձգձգման պատճառը, երբ հայկական համայնքին մէջ կայ համաձայնութիւն, եւ աշխատանքները այդ ուղղութեամբ կը կատարուին արդէն: Վերջաւորութեան, Փայլան ուղղած է հետեւեալ հարցը. ե՞րբ պիտի աւարտին պատրիարքի ընտրութիւնը արգիլելու փորձերը:








All the contents on this site are copyrighted ©.