2017-12-14 08:28:00

Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Լիբանանի Քրիստոնեայ-Իսլամ երկխօսութեան յանձնախումբի նախագահը։


Չորեքշաբթի, 13 դեկտեմբեր 2017-ի երեկոյեան, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց Լիբանանի քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան յանձնախումբի նախագահ Հարես Շեհապը` ընկերակցութեամբ նոյն յանձնախումբին մէջ հայ համայնքի ներկայացուցիչ դոկտ. Ժան Սալմանեանի: Այցելութեան նպատակն էր վեհափառ հայրապետը տեղեակ պահել վերջին շրջանին Երուսաղէմի հարցին գծով յանձնախումբին կատարած հանդիպումներէն, ինչպէս նաեւ հրաւիրել վեհափառ հայրապետը քրիստոնեայ-իսլամ հոգեւոր պետերու ժողովին:

Արամ Ա. կաթողիկոս անգամ մը եւս շեշտեց Երուսաղէմի պատմական նկարագիրը պահելու կարեւորութիւնը` իբրեւ միաստուածեան երեք կրօններու սրբատեղիներու կեդրոն, ինչպէս նաեւ Երուսաղէմի իրաւական-քաղաքական իրավիճակը քննարկելու Միջին Արեւելքի խաղաղութեան հոլովոյթին ծիրին մէջ: 








All the contents on this site are copyrighted ©.