2017-12-13 14:39:00

Ֆրանչիսկոս Պապի 13 դեկտեմբերի թուիթը։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի, 13 դեկտեմբերին, Ֆրանչիսկոս Պապ հրապարակեց նոր թուիթ մը, որուն մէջ շեշտը դրաւ քրիստոնեաներուն՝ աշխարհի մէջ ունեցած պարտականութեան վրայ, որ է «Աստուծոյ լոյսով լուսաւորել երկրաւոր իրականութիւնները»։

 «Քրիստոնեան կանչուած է  շօշափելի կերպով յանձնառու գտնուելու երկրաւոր իրականութիւններուն մէջ, զանոնք լուսաւորելով Աստուծմէ յառաջ եկած լոյսով» գրեց Նորին Սրբութիւնը։  








All the contents on this site are copyrighted ©.