2017-12-13 08:32:00

Աւստրիոյ մէջ կազատարի պայթում


Աւստրիական Ստորին Աւստրիա երկրամասին մէջ գտնուող մեծ կազատար խողովակաշարի հատուածին մէջ տեղի ունեցած է պայթում մը, որուն պատճառով արձանագրուած են զոհ մը եւ բազմաթիւ վիրաւորներ:

«ՕԻ24» կայքը, յղում կատարելով իր աղբիւրին, կը հաղորդէ, որ վիրաւորներուն թիւը 18 է:

Դէպքի վայրին մէջ գտնուող ոստիկանները եւ փրկարարները «Պիլտ»-ին յայտնած են, որ այդ թիւը 60 է:

Կը նշուի, որ պայթումը տեղի ունեցած է առաւօտեան` տեղական ժամանակացոյցով ժամը 8:45-ին, որմէ ետք հրդեհ բռնկած է:

Պայթումը տեղի ունեցած է Վայտեն Ան Տեր Մարխ համայնքին մէջ, որ կը գտնուի մայրաքաղաք Վիեննայէն 45 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ:

Դէպքի վայրին մէջ գտնուող ոստիկանի մը համաձայն, կազատար խողովակաշարը եւ զայն շրջապատող տարածքը փակ են:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.